ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Լաւ բարեկամը, լաւ ընկերը, անկեղծ մարդը, երբեմն հարազատներէ աւելի մօտիկ ու օգտակար անձնաւորութիւն է, որուն արժէքը, յաճախ զայն կորսնցնելէ ետք կ՛իմանան մարդիկ: Արդէն տարածուած եւ ամէնուն ծանօթ դարձած առած է՝ «ըսէ ո՞վ է ընկերդ, ըսեմ քեզի, ո՛վ ես դուն»ը: Մարդիկ քեզ կը չափեն միշտ շրջապատիդ մէջ գտնուող անձերով, նայած թէ որո՞ւ հետ ընկերութիւն կը մշակես, ովքե՞ր են այն մարդիկը, որոնց խորհուրդներուն կարեւորութիւն կ՛ընծայես, եւ նոյնիսկ որո՞նք են այն խրատատուներդ, որոնց տուած ուղղութիւններով կ՛առաջնորդուիս կեանքիդ մէջ:
Այս պարագային կարեւորը այն է, որ իմաստուն մարդոցմով շրջապատուած ըլլայ անձը, որպէսզի տգիտութեան խղճալի խաւարէն դուրս գայ, եւ ընկերութիւն ընէ այնպիսի մարդոց հետ, որոնց ուղղակի թէ անուղղակի խորհուրդները շինիչ դեր ունենան իր անմիջական շրջապատին մէջ: Յաճախ նկատուած է, որ տարեց մարդիկ իրենց համար խրատատու կ՛ընտրեն տարիքով իրենցմէ շատ աւելի փոքր անձեր: Այսօրուան մասնագիտացած աշխարհին մէջ նման երեւոյթ տարօրինակ պէտք չէ՛ թուի եւ ո՛չ ոքի, որովհետեւ ուսման ու զարգացման դարը կրնայ երիտասարդ անձերը դաստիարակելով, անոնց տալ կարեւոր որոշումներ առնողի հանգամանք: Մեծ ընկերութիւններ, առեւտրական հսկայ հաստատութիւններ, աշխարհահռչակ վաճառանիշներու հիմնարկներ, նոյնիսկ պետական կառոյցներ, երբեմն շատ երիտասարդ տնտեսական խորհրդատու հաշուապահներ կ՛ունենան, որոնց գիտութենէն կ՛օգտուին եւ ըստ այնմ ալ կը վարեն իրենց աշխատանքները:
Միայն մէկ պարագայ մը, որ վերոյիշեալ երեւոյթը անհեթեթ կը դարձնէ այն է, երբ տարեց անձը ամբողջովին տգէտ, _ անգրագէտ կոչուելու չափ_ , ու իր կէս տարիքէն ալ նուազ անձ կ՛ընտրէ, ո՛չ միայն իրեն բարեկամ ըլլալու, այլ՝ նաեւ խորհրդատու դառնալու: Տարբեր ենթադրութիւններ կարելի է կատարել սոյն վարքագիծին մասին, այնպէս խորհելով որ կրնայ իսկապէս միամիտ անձ ըլլալ տարեցը, կամ իսկապէս յուսալքուած ու առանձնացած, որ նման ընտրութիւն կատարէ, այլընտրանք չունենալով: Վարկածներ շա՛տ կրնան ըլլալ այս մասին, սակայն իրարմէ ո՛չ շատ տարբեր: Բացայայտ իրողութիւն է, որ յիշեալ երեւոյթը չի՛ կրնար երկար ճամբայ կտրել, այնպէս ինչպէս սուր դանակը կարելի չէ՛ կտաւէ պարկին մէջ երկար ժամանակ պահել: Անիկա անպայման իր սրածայր մասը պիտի ցոյց տայ: Այս պարագային ալ, հետեւանքները անպայման վրայ պիտի հասնին, եւ անկասկած որ տուժածներ պիտի ըլլան: Որովհետեւ մինչ անգրագէտ անձը կրնայ փորձառութիւն ունենալ, ու այդ փորձառութեան վրայ հիմնուելով որոշ աշխատանքներ կատարել, սակայն տգէտը ի՞նչ ուղղութիւն կրնայ տալ, կամ իր անցեալի ո՞ր մէկ փորձառութեան վրայ կրնայ յենիլ ու ըստ այնմ առաջնորդել ուրիշները: Յիսուսի մտածողութիւնը այս մասին բարացուցիչ է, երբ կ՛ըսէ. «Կոյրը կոյրին առաջնորդելու պարագային, երկուքն ալ փոսը կ՛իյնան», (Հմմտ Մտ 15.14):
Տգէտին հետ բարեկամութեան բազմաթիւ օրինակներ կան, թէ՛ բարոյալից պատմուածքներու մէջ այնքան առատ, եւ թէ առօրեայ կեանքին մէջ՝ նոյնքա՛ն առատ: Առօրեայ կեանքէն օրինակներ վերցնելը թերեւս վիրաւորական ըլլայ շատերուս համար: Սակայն բարոյալից այն պատմուածքը, զոր վերջերս լսած եմ, վստահաբար իր դրական դերակատարութիւնը կ՛ունենայ, ո՛չ միայն տգէտ բարեկամներէ զգուշանալու, այլ մանաւանդ անոնցմէ հեռանալու որոշում կայացնելու մեր ճիգին մէջ:
Մարդու եւ արջի միջեւ բարեկամութեան տարբեր առակներ կան, որոնք ցոյց կու տան թէ, նոյնիսկ այդ գազանի՛ն հետ ոմանք յաջողած են ընկերութիւն ընել, երբեմն փոքր տարիքէն զայն խնամելով, մօր կաթին փոխարէն կովու կաթով դիեցնելով, կամ անասնավարժական այլ միջոցներու դիմելով: Նոյնը ոմանք կատարած են այլ տեսակի գազաններու հետ բարեկամանալով: Սակայն այդ մարդիկ ո՛չ մէկ վայրկեան իրենց միտքէն կը հեռացնեն այն՝ թէ իրենց դիմաց գտնուողը անբան անասուն ըլլալէ աւելին՝ գազան է, որ կրնայ որեւէ պահու, անակնկալ շարժումով վնաս հասցնել իրենց: Ըստ այնմ ալ որոշ նախազգուշութիւններ ձեռք կ՛առնեն: Այսպէս, ոմանք ձեռնոցներ կը հագնին, ուրիշներ ամուր գլխարկ ու ապահով ակնոցներ կը գործածեն, գազանին թաթերէն ու ճանկերէն պաշտպանելու համար գէթ իրենց գլուխը, դէմքն ու աչքերը:
Բարոյալից առակը կ՛ըսէ. մարդ ու արջ կը բարեկամանան, երկուքն ալ իրենց մանուկ հասակէն: Երկար ճամբայ միասին ճամբորդել հարկադրուած ըլլալով, հերթաբար մէկը կը քնանայ, իսկ միւսը հսկողութիւնը յանձն կ՛առնէ, անտառի անապահով միջավայրին մէջ: Այնպէս կը պատահի, որ գիշեր ատեն մարդը կը հսկէ, ու արջը կը քնանայ, իսկ ցերեկ ատեն՝ հակառակը: Փոխն ի փոխ հանգստանալու այս ընթացքը, սակայն, կը խանգարուի յանկարծ, երբ ցերեկ ատեն մարդը հանգստացած միջոցին, կեղտոտ ճանճը գալով կը թառի քնացած մարդուն ճակատին: Արջը, շատ անհանգստացած իր բարեկամին նեղութիւն պատճառող ճանճին վարմունքէն, նախ հսկայ թաթով կը փորձէ քշել ճանճը, սակայն անիկա անդրդուելի կը մնայ, ու հաստատ՝ իր թառած վայրին վրայ: Մէկ երկու փորձերէ ետք երբ արջը կը ձախողի հեռացնել զանիկա, իր բարեկամին հանդէպ ամբողջական սէրէն մղուած, եւ զայն ազատելու համար այդ անպէտք ճանճին յարատեւ յարձակումներէն, հսկայ քարը բերելով, մեծ ուժգնութեամբ կը նետէ ճանճին վրայ…: Արջուն այս «սիրոյ», «գուրգուրանքի» ու «պաշտպանութեան» այս արարքին զոհ կ՛երթայ նաեւ իր բարեկամը, որովհետեւ ճանճին թառած տեղը մարդուն ճակատը ըլլալով, կը փշրուի նաեւ անոր գանկը…:
Այո՛… Եթէ այսպիսի տգէտ բարեկամ ունենա՜ս, քու ալ վերջդ վերոյիշեալ մարդէն տարբեր պիտի չըլլայ…:
Կեանքի մէջ ամէն ինչ տանելի է, կ՛ըսուի, բացի տգիտութենէն: Որովհետեւ տգէտը իրեն յատուկ մտածելակերպ կ՛ունենայ, ու իւրայատուկ հաշուարկներ, որոնք սովորական իմաստով ըմբռնուած թուաբանական հաշիւներէն տարբեր կանոններ ունին գումարումի թէ բաժանումի: Կրթուած մարդուն համար լաւը, բարին ու օգտակարը, կրնայ տգէտին կողմէ վատ, չար ու վնասակար համարուիլ, եւ ճի՛շդ հակառակը: Ուրեմն, կարելի չէ՛ «արջուն» հետ բարեկամանալ, որովհետեւ անպայման մեր «բարիքը» խորհած միջոցին, պիտի վնասէ մեզի: Իր այդ վարմունքը, սակայն, գիտակից չէ՛, այլ՝ անգիտակից, կամ տգիտութենէ մղուած: Վա՜յ այն մարդուն, որ արջու հետ բարեկամանալով, դեռ անոր խորհուրդնե՛րն ալ կը լսէ, եւ փոխանակ զայն կառավարելու, ի՛նք կը կառավարուի անոր մտրակով: Գազանազուպը ընդհանրապէս մէկ կողմէ քաղցրեղէն կը նետէ մարզուած գազանին կլափը, միւս կողմէ սակայն, մտրակը վար չի՛ դներ իր ձեռքէն, միշտ յիշելով որ իր դիմաց կանգնած այդ կենդանին գազա՛ն է, եւ որեւէ պահու կրնայ իր բնազդով շարժիլ, ու յօշոտել զինք:
Տգէտին հետ բարեկամանալ չըլլար, որովհետեւ եթէ այդպիսի բարեկամ ունենա՜ս, արջուն հետ ի տղայ տիոց բարեկամութիւն ընող մարդուն վախճանին կը հասնիս: Այս թակարդին մէջ ինկողներ շա՜տ են, եւ դժբախտաբար երբեմն զարգացած մարդիկ, որոնք պէտք է քաջ գիտնան լաւը վատէն եւ բարին չարէն զանազանելը: