Միջավայրը կը ներգործէ անհատի լեզուի ու լեզուամտածողութեան վրայ եւ աստիճանաբար կ՛աղաւաղէ անոր մայրենի լեզուն: Նոր ծրագիրով պէտք է փորձենք, ըստ հնարաւորին՝ յղկել ու բիւրեղացնել մեր մայրենի լեզուն: Ծրագիրի բնոյթի մասին աւելի յստակ գաղափար տալու նպատակով՝ կու տանք օրինակ մը.
Առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը լսենք հայ երիտասարդ սերունդէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը մեծերէ, որ անգլերէնի ազդեցութեան ներքոյ ըսեն՝ օրինակ՝ «գօտիս հագայ», «ակնոցս հագայ», եւ այլն: Այս արտայայտութիւնները իսկապէս խորթ են հայ լեզուին, որովհետեւ հայերէնով կ՛ըսենք՝ «գօտիս կապեցի», իսկ «ակնոցս՝ դրեցի»:
Աշխատանիստ մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 12ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, «Մաշտոց» քոլեճի նոր համալիրին մէջ (744 Glendale Avenue, Glendale): Ընթացքին սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ համապատասխան բացատրութեամբ պիտի ներկայացուին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ առկայ լեզուական շարք մը սայթաքումներ եւ խորթ ու անճիշդ արտայայտութիւններ, որոնց գիտակցութեամբ եւ վերացմամբ՝ պիտի խօսինք ճիշդ ու գեղեցիկ, աւելի յղկուած ու բիւրեղացած եւ ազդեցիկ լեզուով մը: Մեր մայրենի լեզուն ճիշդ խօսելով՝ նախ մենք մեզ լաւ պիտի զգանք, ապա արժէքաւոր ներդրում կատարած պիտի ըլլանք մեր մայրենին անաղարտ պահելու գործին մէջ:
Սոյն ծրագիր-աշխատանիստին, առանց տարիքի ու մասնագիտութեան սահմանափակութեան, կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն եւ կը փափաքին յղկել ու բիւրեղացնել իրենց մայրենի լեզուն (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն):
Նիւթը պիտի ներկայացնէ դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանը:
Բոլոր մասնակցողներուն պիտի տրուի պաշտօնական վկայագիր:
Արձանագրուելու համար, հեռաձայնել «Մաշտոց» քոլեճ՝ (818) 548-9345 թիւով, առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5: Մուտքի սակը 60 տոլար է:
(Թղթակցութիւնը՝ քոլեճէն)