ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր տուաւ Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակաց մատրան առջեւ կատարուած հոգեհանգիստէն ետք, հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Ապրիլ 24ի առաւօտուն դարձեալ հաւաքուած ենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւններուն շուրջ: Այս աճիւնները կենդանի վկաներն են 20րդ դարու առաջի՛ն ցեղասպանութեան, որ պետական մաշտապով ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ: Այս աճիւնները կը խօսին մեզի հետ: Անոնք մեզ չեն հրաւիրեր միայն անցեալին նայելու ու մեր ժողովուրդի պատմութեան տխուր էջը յիշելու: Անոնք միաժամանակ կը յիշեցնեն մեզի, թէ մեր ժողովուրդը նուիրական կտակ մը ունի իր նահատակներէն ժառանգուած եւ հետեւաբար, պէտք է հաւատարիմ մնալ այդ կտակին, որքան ալ դժուար ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները ու մեզ դիմագրաւող մարտահրաւէրները: Այսօր մեր նահատակները պատգամ ունին ուղղուած հայ ժողովուրդին, արաբ ժողովուրդին եւ եւրոպացի ժողովուրդին:
ա) Զգո՜յշ, ժողովուրդ հայոց: Թուրքիան սկսած է թափանցելու ո՛չ միայն Միջին Արեւելեան, արաբական ու իսլամական երկիրներէն, այլ նաեւ եւրոպական, ափրիկեան ու ամերիկեան ցամաքամասերէն ներս, գործածելով իր պետական, յարաբերական, դիւանագիտական ու տնտեսական լայն միջոցները եւ միշտ թիրախ ունենալով լռեցնել հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ձայնը: Ցեղասպան թուրքին թոռները այսօր աշխարհին կը ներկայանան տարբեր դիմակներով. տեղ մը՝ ժողովրդավար սկզբունքներու ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի դիմակով, այլ տեղ՝ իրենց ցեղային վարքագիծին յատուկ սպառնական լեզուով. տեղ մը միջկրօնական գոյակցութեան ջատագովի հանգամանքով, այլ տեղ մը՝ տագնապներ լուծելու միջնորդի հաշտարար դերով:
բ) Զգո՜յշ, արաբ ժողովուրդ: Մի՛ մոռնար քու մօտաւոր անցեալդ. մի՛ մոռնար, որ ներկայ Թուրքիոյ նախահայրերն էին, որոնք ջարդեցին քու նախահայրերդ՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ: Ներկայ Թուրքիոյ նախահայրերն էին, որոնք դարեր շարունակ բռնակալութեան ու հալածանքի ենթարկեցին արաբ ժողովուրդը: Եւ այսօր, ի՜նչ յանդգնութիւն, Թուրքիան ո՛չ միայն սկսած է մուտք գործել արաբական աշխարհէն ներս, այլ հաշտարարի ու նո՛յնիսկ առաջնորդողի դեր սկսած է ստանձնել: Եւ աւելի ցաւալին՝ արաբ երկիրներու պատասխանատուներ, ներառեալ Լիբանանի սկսած են ընդառաջել Թուրքիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէրներուն: Արաբական աշխարհին մէջ Թուրքիան կարեւոր շահեր ունի, գիտե՛նք. սակայն, արաբական երկիրները Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ շահեր ունին: Թուրքիոյ կեղծ ու ժամանակաւոր բարեկամութիւնը վնասաբեր է արաբական աշխարհին ու իր դատին: Զգո՜յշ եղիր, արաբական աշխարհ՝ Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քայլափոխի ետին Օսմանեան կայսրութեան վերադարձի նշանները կը տեսնուին:
գ) Զգո՜յշ, Եւրոպա: Թուրքիոյ հետապնդած նպատակը եւրոպական ցամաքամասին վրայ ծանօթ է բոլորին: Թափանցելով եւրոպական համայնքէն ներս, հո՛ն եւս Թուրքիան կը փորձէ հաստատել իր տիրական ներկայութիւնը: Արդարեւ, որքան ճանչցած ենք Եւրոպան, եւրոպական համայնքը տնտեսական ու քաղաքական շահերու վրայ հիմնուած համայնք մը չէ, այլ մարդկային արժէքներու: Հետեւաբար, ի՞նչ գործ ունի Թուրքիան մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու օրրան ու պաշտպան Եւրոպայի մէջ, երբ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ ահաւոր տանջանքներու կ՛ենթարկուին մարդկային իրաւունքներու ջատագով մտաւորականներ, երբ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին, երբ Թուրքիան տակաւին կ՛ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ:
Արդ, ըլլանք արթո՛ւն, ժողովուրդ հայոց: Թուրքիան նիւթական հսկայ գումարներ ծախսելով՝ ծրագրուած ու հետեւողական կերպով կը փորձէ մոլորեցնել միջազգային հանրային կարծիքը: Այսպէս՝
Թուրքիոյ ղեկավարը հեգնական ոճով վերջերս հարց կու տար ըսելով թէ՝ հայ ժողովուրդը կը խօսի մէկուկէս միլիոն նահատակներու մասին. ո՞ւր թաղուած են անոնք: Այս հարցումին պատասխանը ծանօթ է բոլորին, ծանօթ է նոյնինքն Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն թէ ժողովուրդին: 1915 Ապրիլ 24ի գիշերէն սկսեալ Պոլիսէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քաղաքները եւ գիւղերը (որոնց անունները այսօր թրքացած են) եւ մինչեւ Տէր Զօր, որ եղաւ վերջին օղակը ջարդերու երկա՜ր շղթային, հայ ժողովուրդի զաւակները, մեծ թէ փոքր, կին թէ երեխայ, մտաւորական թէ հոգեւորական, անխնայ կերպով ջարդուեցան Թուրք բանակին կողմէ՝ թուրք կառավարութեան կողմէ տրուած խիստ հրահանգին համաձայն: Հետեւաբար, մեր նահատակներու անթաղ աճիւնները կը գտնուին Թուրքիոյ հողին մէջ, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ. եւ այդ աճիւններէն շատ փոքր մաս մը հոս, Անթիլիասի Մայրավանք բերուած է 1935ին: Ինչպէս Թուրքիան կրնայ ուրանալ իր ժամանակակից պատմութեան այս ամէնէն արիւնոտ էջերէն մէկը:
Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներ կը շարունակեն ամէն տեղ ու բոլորին նո՛յն յանկերգը կրկնել ըսելով՝ թող պատմաբաններ զբաղին այս հարցով: Չարաչար կը սխալին Թուրքիոյ պատասխանատուները: Իրենք քաջ գիտեն թէ պատմաբաններու դիմելու կարիքը երբեք չկայ. աղաղակող փաստեր գոյութիւն ունին, հայկական թէ օտար ու նոյնիսկ թրքական, որոնք յստակօրէն կը փաստեն թէ հայ ժողովուրդին դէմ 1915ին կատարուած ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի իրողութիւն մըն է: Արդ, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը չի կրնար ստուեր թողուլ ճշմարտութեան վրայ: Անհրաժեշտ է միշտ յիշեցնել մեր շրջապատին թէ՝ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը կրօնական բնոյթ չունի. մենք երկա՜ր դարեր խաղաղ գոյակցութիւն ունեցած ենք իսլամներուն հետ: Հայկական Ցեղասպանութիւնը ցեղային ու քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէր՝ որպէս անբաժան մասը Օսմանեան Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագրին: Հետեւաբար, մեր արդար սպասումն է որ մեզի բարեկամ արաբ թէ արեւմտեան երկիրներ, քրիստոնեայ թէ իսլամ համայնքներ, ըլլան ճշմարտութեան պաշտպան ու մնան արդարութեան կողքին՝ չխաբուելով Թուրքիոյ դիւանագիտական մօտեցումներէն ու չվախնալով անոր սպառնական լեզուէն:
Դարձեա՛լ վերջերս Թուրքիոյ ղեկավարը մեծ պետութեան մը պատասխանատուին ջղագրգիռ ոճով կ՛ըսէր՝ այլեւս յոգնեցանք այսպէս կոչուած հայկական ցեղասպանութեան մասին լսելէ: Եթէ Թուրքիան յոգնեցաւ, մենք չյոգնեցանք ու պիտի չյոգնինք մեր իրաւունքները պահանջելէ՝ այնքան ատեն որ արդարութիւն չէ կատարուած հայ ժողովուրդին: Մենք թշնամիներ չունինք, մենք շահեր չունինք. սակայն մենք իրաւունքնե՛ր ունինք եւ մեր իրաւունքները կը պահանջենք: Մեր իրաւունքները կը պահանջենք ո՛չ միայն Ապրիլ 24ին, այլ մեր կեանքի բոլո՛ր օրերուն եւ ամէն տեղ:
Մենք կը պահանջենք Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ նոյն պետութեան շարունակութիւնը եղող ներկայ Թուրքիոյ կողմէ:
Մենք կը պահանջենք հատուցում, մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացում:
Մենք կը պահանջենք մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կալուածներուն վերադարձը: Հարց կու տանք. ինչո՞ւ Թուրքիոյ պետութիւնը կ՛որոշէ փոքրամասնութիւններու վերադարձնել միայն 1936էն ասդին բռնագրաւուած կալուածները եւ կ՛անտեսէ 191520ի շրջանին հայ ժողովուրդէն բռնագրաւուած հազարաւոր կալուածներ: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ վարչապետը լուռ կը մնայ այս մասին իրեն ուղղած Մեր նամակին գծով:
Մեր մատնանշած այս բոլոր երեւոյթները կը պահանջեն ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցում մեր ժողովուրդին կողմէ:
Մի քանի ամիսներ առաջ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին Մենք ըսինք՝ ճանաչումին առընթեր նաեւ պէտք է շեշտել հատուցումը, որովհետեւ ճանաչում ու հատուցում մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, զիրար լրացնող ու հզօրացնող: Մենք նաեւ ըսինք որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն եւ քաղաքական երեք կազմակերպութիւններուն հետ միասնաբար ու Հայաստանի պետութեան հետ խորհրդակցաբար պիտի շարունակէ այս յոյժ կարեւոր գործընթացքը: Նո՛յնը կը կրկնենք սա պահուն:
100ամեակի սեմին հայ ժողովուրդին զաւակները ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի պէտք է վերանորոգեն իրենց ազգային ուխտը՝ խոր հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ շարունակելու հայութեան պահանջատիրական պայքարը:
Հետեւաբար, ա՛յս ոգիով ու տեսիլքով քալէ յառաջ ժողովուրդ հայոց. քալէ՛ քու նահատակներուն կտակին հաւատարմութեամբ. քալէ՛ պահանջատիրական դրօշը բարձր բռնած:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ