ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ապրիլեան ձեռնարկներու շարքին, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ շուրջ երեք հազար հայորդիներ բողոքի ցոյց կատարեցին՝ պահանջատիրական լօզունգներ վանկարկելով եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներ բարձրացնելով:
Շուրջ երկու ժամ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ քայլերթ կատարելէ ետք, ցուցարարները համախմբուեցան եւ ունկնդրեցին ցոյցը կազմակերպող Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան պատգամաբերները:

Քաղաքական հաւաքին բացումը կատարեց ՀԵԴական Լորիկ Պողիկեան: Ան ցոյցի մասնակիցներուն իրենց խօսքը ուղղելու հրաւիրեց Լոս Անճելըսի 43րդ ընտրական շրջանէն նահանգային խորհուրդի անդամութեան թեկնածու Կրեկ Գրիգորեանը, ՀԵԴի անդամ Նորա Ինճէեանը եւ ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Առաքելեանը:
Բոլոր բանախօսները դատապարտեցին Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ուրացող Թուրքիոյ կառավարութիւնը, բուռն կերպով քննադատեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելու խոստումին հերթական դրժումը, նաեւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրանալու պայքարը շարունակելու վճռականութիւն յայտնեցին եւ դիմեցին ներկաներուն՝ շարունակելու համար սատար կանգնիլ հայկական պահանջատիրական շարժումին:
Իննամեայ պատանուհի Սեւանա Մանուկեանը ընթերցեց իր նամակը՝ ուղղուած թրքական կառավարութեան. նամակով կը պահանջէր, որ Թուրքիա ներողութիւն խնդրէ եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը հայութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրին: Մանուկեան ուզեց իր նամակը փոխանցել թուրք հիւպատոսին, որուն գրասենեակի դռները ամուր փակուած մնացին ամբողջ ցոյցին ընթացքին:
Հաւաքը աւարտեցաւ անկախ Հայաստանի քայլերգով: