
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն երեսփոխան Իսմեթ Ուչմա, Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ շատ հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրաւ եւ ներողութիւն խնդրեց հայերէն։ Թարըք Ըշըքի կողմէ «Ռատիքալ» թերթին մէջ հաղորդուած տեղեկութեան համաձայն՝ Ուչմա յայտնեց այն կարծիքը, թէ 1915ի ողբերգական տեղահանութիւնը իրականութեան մէջ պէտք է կոչուի ո՛չ թէ ցեղասպանութիւն, այլ՝ «ցեղ-աքսոր»։
Ուչմա այս կերպով նոր բառ մը ստեղծած եղաւ եւ ըսաւ, որ ասիկա ողբերգական աքսոր մըն էր, որուն պատասխանատուն Երիտթուրքերու «Իթթահատ եւ թերաքքի» կուսակցութիւնն էր, ապա անձնապէս ներողութիւն խնդրեց հայերէն ու ըսաւ, որ անոնց ցաւը «մե՛ր ալ ցաւն է», իսկ Թուրքիա պէտք է Հայաստանի սահմանները բանայ, որպէսզի հանգստութիւն եւ անդորրութիւն շնորհուի Հայաստանին։
Ուչմա ըսաւ նաեւ, որ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ տեղահանութիւն կատարուած է, բայց տեղահանութեան ենթարկուածները պէտք է փոխադրուին, առանց նոյնիսկ անոնց քիթը արիւնելու։ «Իսկ հայկական տեղահանութեան ընթացքին այդպէս եղա՞ւ։ Ո՛»չ, ըսաւ ան:
Ուչմա աւելցուց, որ հայկական Սփիւռքը, ճիշդ Թուրքիոյ մէջ եղածին նման, կը հրահրէ ցեղապաշտութիւնը եւ կ՛ուզէ անկէ օգտուիլ։ Ինք կը մտածէ, թէ սփիւռքահայութիւնը ամբողջ հայութիւնը չի ներկայացներ, բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ եթէ 1915ը չպատահէր, ապա սփիւռքահայութիւնը գոյութիւն պիտի չունենար։
«Իսկ հողային պահանջքի խնդիր մը եթէ ստեղծուի, ասիկա մինչեւ ո՞ւր կ՛երթայ, յայտնի չէ՛։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ որքա՛ն մեծ եւ ընդարձակ հողեր ունէր Օսմանեան պետութիւնը, եւ ի՛նչ պետութիւններ կային անոր սահմաններուն մէջ։ Հող վերադարձնելու նման բան մը կարելի՞ է։ Այնուհանդերձ, ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ուրիշի ինչքերուն եւ բնակարաններուն մէջ նստելու։ Ես այսպիսի բան մը պիտի չընէի։ Ներկայիս փոքրամասնական վագըֆներու կալուածները կը վերադարձուին։ Ասիկա լաւ է։ Հայ եւ թուրք ժողովուրդները ձեռք ձեռքի թող տան եւ այս հարցը թող լուծեն», ըսաւ ան։
Ուչմա նաեւ դիտել տուաւ, որ Սապիհա Կէօքչեն պուրսացի հայ որբուհի մըն էր, որ Մուսթաֆա Քեմալի որդեգիրը եղաւ։ «Դուք այդ մանուկը առիք, մեծցուցիք, օդաչու դարձուցիք, բայց այնպէս մը հասցուցիք զինք, որ ան ալ, աւելի ուշ, գնաց ու Տերսիմի վրայ ռումբ տեղացուց», ըսաւ Ուչմա:
Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւոր ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ հնչած եւ Ապրիլ 24ի, 1915ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Նոր ցաւեր չապրելու եւ ապագան ապահով հաշտութեան տակ ապրելու համար, յարգանքի տուրք կը մատուցենք մեծ ողբերգութեան զոհերուն»:
Կը նշուի նաեւ, թէ Թուրքիա պարտաւոր է դէմ յանդիման գտնուիլ իր պատմութեան հետ եւ ներողութիւն խնդրել՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը բնութագրելով իբրեւ 20րդ դարու ամենամեծ ողբերգութիւններէն մէկը: «Ցաւալի է, որ ազգայնապաշտ մտածելակերպը այսօր եւս կը շարունակուի», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Նաեւ, թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անգամ մը եւս յիշեցուցած է, թէ պէտք է Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ բացայայտել Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Ան նշած է, որ իր գրասենեակը ստացած է 1000 էջանոց՝ թրքերէն թարգմանուած նոր գիրք մը, ուր հրապարակուած են գերմանական արխիւներէն 1915-1916ին վերաբերող փաստաթուղթեր: «Գիրքը անգլերէնի, սպաներէնի ու փորթուկալերէնի թարգմանուելէ ետք, թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի, որպէսզի թուրքերը հասկնան, որ ոչ թէ իրենց դէմ թշնամութիւն կայ, այլ պարզապէս կը փորձուի ներկայացուիլ ճշմարտութիւնը», գրած է ան՝ ցաւ յայտնելով, որ Ցեղասպանութեան մասին թրքական պաշտօնական տեսակէտը հիմնուած է միայն թրքական աղբիւրներու վրայ, որոնց չի հաւատար միջազգային հանրութիւնը: «Եկէ՛ք զիրար չխաբենք: Պէտք է ուսումնասիրել արտասահմանեան երկիրներու արխիւները եւ այն ժամանակ ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի», Թուրքիոյ իշխանութիւններուն խորհուրդ տուած է Պիրանտ:
Վերջապէս, Գերմանիոյ մէջ գործող Ցեղասպանութիւններու դէմ ընկերակցութիւնը քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը՝ պահանջելով Անգարայէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կատարել այդ արարքէն բխող բոլոր պարտաւորութիւնները: