ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ խօսքով հայ ժողովուրդի բնաջնջումը յղացուեցաւ, որոշուեցաւ, ծրագրուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ծայրայեղ եւ ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ ու անիկա գործադրուեցաւ թուրք ջարդարար եւ արիւնարբու զինուորականներու, բժիշկներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու, պետական պաշտօնեաներու եւ ամբոխին կողմէ:
Անիկա տեղի ունեցաւ համայն աշխարհի ականատեսութեամբ եւ վկայութեամբ, քաղաքակիրթ ժողովուրդներու եւ երկիրներու լռութեամբ եւ խլութեամբ ու կարգ մը պետութիւններու քաջալերանքով եւ անմիջական մեղսակցութեամբ:
Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, թուրք ջարդարարը 1915էն առաջ արդէն գործի անցած էր եւ կազմակերպած էր հայկական ջարդեր հայկական գաւառներու մէջ 1894-1896 ժամանակաշրջանին եւ 1899ին: Ոճրագործ թուրքը այս ջարդերու ընթացքին մասամբ մը խնայած էր մանուկները եւ կիները:
1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան թուրքը յայտարարած էր հետեւեալը՝ «այս անգամ ամբողջական պիտի ըլլայ մեր մաքրագործումը», այլ խօսքով՝ պիտի չխնայուէին նաեւ մանուկներն եւ կիները, ինչպէս կը հաստատէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Թալէաթին նամակը Հալէպի կուսակալութեան. «Նոյնիսկ մանուկներ չձգել օրօրոցներուն մէջ, կամ անոնք որոնք անակարող են շարժելու՝ հանեցէք բոլորը»: Այս որոշումը արդէն որդեգրուած էր Իթթիհատականներու Սելանիկ գումարած 1911ի գաղտնի ժողովին ընթացքին, ուր բանաձեւուած էին սահմռկեցուցիչ շարք մը որոշումներ, որոնցմէ յատկանշական են՝
1. Զինուորական անհրաժեշտութիւն մըն է ժողովուրդներու ջարդը, առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան:
2. Թշնամի ցեղի մը մանուկները ջարդելը կանխարգիլող միջոց մըն է ազգային պաշտպանութեան:
1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան նախօրեակին հազարաւոր թուրք ոճրագործ եւ դատապարտեալ բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան իրագործելու համար այս ահարկու եւ աննախնթաց՝ անմարդկային որոշումը: Օսմանեան կայսրութեան բոլոր բանտարկեալները ներառուեցան յատուկ ջարդարար աւազակային խումբերու մէջ՝ իրականացնելու համար այս որոշումը: Անոնց հրահանգուած էր ոչ մէկ գութ կամ կարեկցութիւն չցուցաբերել մանուկներուն եւ կիներուն նկատմամբ, նոյնիսկ՝ անկարներուն, որոնք մաս պիտի կազմէին հայ ժողովուրդի ամբողջական բնաջնջումին:
Հայ մանուկները եւ անչափահասները բաժնեկից դարձան, հայ տարեցներու եւ չափահաս կիներու տարագրութեան ծայրագոյն աստիճանի դժուարութիւններուն, փոթորկալից տեղահանութեան եւ անվերջանալի տարագրութեան դէպի հեռաւոր անապատային վայրեր: Հայ մանուկները եւ անչափահասները արդէն կորսնցուցած էին իրենց հայրերը եւ մնացած էին միայն մայրական հոգատարութեան տակ: Անոնք դիմագրաւեցին եւ ենթարկուեցան ցեղասպանութեան հրէշային ամէն տեսակի բռնարարքներու, միջոցառումներու եւ կացութիւններու: Անոնց ոդիսականը եղաւ անբաժանելի մէկ օղակը Հայկական Ցեղասպանութեան անծայրածիր շղթային: Անոնց որոշ մէկ տոկոսը ենթարկուեցաւ մարմնական, ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային ճնշումներու եւ չարչարանքներու, իսկ մնացեալը խողխողուեցաւ, սպաննուեցաւ եւ ոչնչացաւ ու մաս կազմեց հայ ժողովուրդի նահատակներու մեծ խումբին:
Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկներու եւ անչափահասներու ոդիսականը եղաւ հետեւեալներէն մէկը եւ կամ միւսը.
Ա. Ոչնչացում թուրքերու կողմէ, որ իրագործուեցաւ զանազան ձեւերով
ա. Սպանութիւն զանազան հրէշային միջոցառումներով՝
1. Հրացանային գնդակահարում
2. Կացինահարում
3. Գլխահատում՝ զենելով-մորթելով
Ըստ Մարիա Ճէյքըպսընի, հարիւրաւոր հայ փոքրիկներ վիզերնէն մորթուած են զանազան վայրերու մէջ:
Ըստ Նանսենի, Տիարպեքիրի հայերու գաղթականութեան ընթացքին հազարաւոր մանուկներ մորթուած են եւ ապա նետուած են Եփրատ գետ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր մանուկներ մորթուած են Քեմեխի կիրճին մէջ:
4. Դաշունահարում
5. Սուինահարում
6. Զանազան տեսակի չարչարանքներ եւ հրէշային միջոցառումներ
Ըստ Արամ Անտօնեանի, թուրք զինուորները 10 տարեկան հայ տղայ մը բռնած են, որովհետեւ ան չէ ենթարկուած իրենց հրահանգներուն եւ մագլցած է բլուրի մը վրայ: Զինուորները երկար չուանի մը մէկ ծայրը կապած են խեղճ տղուն վիզէն իսկ միւս ծայրը կապած են ձիու մը վիզէն: Ձին գրգռուած վազած է արագընթաց եւ տղուն մարմինը կլոր-կլոր դառնալով ճօճուած է օդին մէջ ու քանի մը անգամ շրջապատի ժայռերուն զարնուելով ի վերջոյ գլխահատուած է իր մօր աչքին առջեւ:
Երկրորդ վկայութիւն մը Արամ Անտօնեանէն.
«Հաֆըզ անունով Կիլիկեացի կառապան մը, որ այդ օրերուն մարդակերպ գազան՝ թուրք Հաքքընը Տէր Զօր տարած էր, կը պատմէր թէ ան, ճամբու ընթացքին դիտմամբ իրենց վերջին վայրկեանները ապրող եւ գետին ինկած հայ մանուկներուն վրայէն քշել կու տար կառքը, սարսափելի հայհոյանքներ արձակելով եւ բացայայտ հրճուանք մը արտայայտելով. իսկ անդին բլրակի մը վրայ տեսնելով լքուած եւ ցաւերէն տնքացող փոքրիկ մը, կատղած անմիջապէս կը հանէ ատրճանակը եւ երեք գնդակ կը պարպէ խեղճ փոքրիկին վրայ»:
բ. æրահեղձութիւն-խեղդամահութիւն՝
Հազարաւոր անմեղ հայ մանուկներ ջրամոյն եղած են ծովու, գետերու եւ լիճերու ջուրին մէջ թուրք դահիճներու ձեռամբ: Հոս կ՛ուզեմ մէջբերել կարգ մը վկայութիւններ.
1. Բիւզանդ Եղիայեան. Տրապիզոնի եւ Խարբերի մէջ թուրքերը հայ որբերը Սեւ ծով եւ Եփրատ գետ թափած են.
2. Թուրք փաստաբան եւ Տրապիզոնի երեսփոխան Հաֆիզ Մեհմեթ. թուրքերը Տրապիզոն գետին մէջ մեծ թիւով հայ մանուկներ խեղդամահ ըրած են.
3. Թուրք բարձրաստիճան զինուորական՝ ճեներալ Մահմուտ եւ Արշաւիր Շիրակեան. Տրապիզոնի կառավարիչը, Ճեմալ Ազմին եւ իր օգնականը, Ենիպահչելի Նայելը խեղդամահ ընել տուած են հազարաւոր հայ մանուկներ Սեւ ծովուն մէջ.
Արշաւիր Շիրակեան իր «Կտակն էր Նահատակներուն» հատորին մէջ մանրամասն կը պատմէ թէ ինչպէ՞ս ինք եւ Արամ Երկանեան 1922ի Ապրիլին Պերլինի մէջ ահաբեկեցին Ճեմալ Ազմին եւ Պեհաէտտին Շաքիրը.
4. Խարբերդի Ամերիկեան դեսպան Լեսլի Տէյվիս. Խարբերդէն 20 քլմ. հեռու Կիւլճիւք լիճին մէջ թուրքեր սուինահարելէ ետք խեղդամահ ըրած են հազարաւոր հայ մանուկներ.
5. Հիւպատոս Մորկենթաու. Եփրատ գետին մէջ Էրզրում նահանգի Քեմաչ Կիրճին մօտերը հարիւրաւոր մանուկներ խեղդամահ եղած են.
6. Հայ վերապրող մը. Եփրատ գետին մէջ Տէր Զօրի ոստիկանապետ Մուսթաֆա Սիտքի 1916ի Օգոստոսին գեղեցիկ հայ դեռատի աղջիկները բռնաբարելէ ետք խեղդամահ ըրած է: Նոյն այս ոճրագործը 2000 հայ մանուկներ ուղղած է դէպի Եփրատ գետ, կապելէ ետք անոնց ոտքերը եւ ձեռքերը զոյգ-զոյգ նետած է Եփրատ գետին մէջ ու մեծ հաճոյքով երկար ժամեր դիտած է այդ քստմնալից տեսարանը.
7. Արաբ զինուորական Սաիտ Ահմէտ Մուխդար Պաաճ. Տրապիզոնի մէջ մանուկները պզտիկ նաւերով տարած են ծովու խորերը, սպաննելէ ետք բոլորը զետեղած են տոպրակներու մէջ եւ ապա նետած են ծովուն յատակը.
8. Նանսէն. հազարաւոր մանուկներ խեղդամահ եղած են թուրքերու ձեռքով, մասնաւորապէս Պիթլիսցի հայ մանուկներ՝ Տիգրիս գետին մէջ.
9. Վարդան Պետոյեան Յեղափոխական Ալպոմի մէջ կը գրէ. «Մուրատ գետի եզերքը թուրք ոստիկաններ մօտ 1000 հոգի՝ կիներ եւ մանուկներ բոլորն ալ հրացանաձգութեան ենթարկեցին, ոմանք ողջ ողջ գետի ալիքներուն յանձնուեցան եւ ոմանք գնդակահար գետին ինկան».
10. Սեբաստացի Մարիամ Մանուկեան «Վերապրողները կը վկայեն» գիրքին մէջ կը յիշէ. «Կարմիր Գետը լեցուած էր մանուկներով, թուրքերը հայ մանուկները սուրերու վրայ ճօճելէ ետք կը նետէին գետը: Մօրս քեռիին զոյգ կաղ դեռատի աղջիկները փախչելով զինուորներուն ձեռքէն նետուեցան գետը, զինուորները դուրս քաշեցին զանոնք ջուրէն ու բռնաբարելէ ետք մորթեցին մեր աչքերուն առջեւ».
11. Արամ Անտօնեան իր «1.5 Միլիոն Հայերու æարդը» գիրքին մէջ կը գրէ.
«Տիքրանակերտի տեղահանութեան կառավարիչը 1-3 տարեկան հայ երկու սեռէ որբերը կը հաւաքէր եւ կը տեղաւորէր զանազան տեղեր: Քանի մը ամիս խնամք կը տարուի անոնց, երբ յանկարծ օր մը, զանոնք դնելով կառքերու մէջ, կը տանին Տիգրիս գետին մօտ եւ ողջ ողջ ամէնքն ալ բռնելով ոտքերնէն կամ գլուխներէն, կը նետեն գետին մէջ: Ուրիշ հարիւրաւոր որբեր ալ քաղաքէն մէկուկէս ժամ հեռու Գարապաշ շրջանին մէջ, զանոնք երկուքի կը ճեղքեն, կտոր կտոր կ՛ընեն, շատ որբեր կը նետուին կատղած շուներու առջեւ եւ կը յօշոտուին».
գ. Ողջակիզում՝ ողջ ողջ այրելով եւ կրակի տալով.
Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Պիթլիսի եւ Հալէպի մէջ թուրքերը ողջ ողջ այրած են հարիւրաւոր հայ մանուկներ:
Տիգրանակերտի մէջ նահանգապետ՝ բժիշկ Ռեշիտ 800 մանուկներ շէնքի մը մէջ զետեղելէ ետք կրակ տալով այրած է բոլորը:
Խարբերդի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւն մը՝ Քատրի, այրած է Բալուէն բերուած 800 հայ անչափահասներ:
Տէր Զօրի մէջ, իսլամական տօնին, թուրքերը հաւաքած են հազարաւոր հայ մանուկներ եւ քաղաքէն դուրս վայրի մը մէջ բոլորը այրած են:
Ահաւասիկ կարգ մը ցաւալի վկայութիւններ.
1. Տոքթ. Մեհմետ հաւաքելէ ետք 800 անմեղ հայ մանուկներ հաւաքավայրի մը մէջ հրոճարակ կը դարձնէ վայրը եւ հպարտանքով կը դիտէ խեղդամահ 800 մատղաշ մանուկներու դիակները.
2. Գերմանական պաշտօնակատար զինուորական Լուտվիկ Շրոտընպախ. Պիթլիսի մէջ կառավարիչ Մուսթաֆա Ապտիւլ Հալիք, Թալիաթ Փաշայի փեսան 1000 մանուկներ այրած է.
3. Արամ Անտօնեան. Տէր Զօրի մէջ 1916ին «քուրպան պայրամ»ի օրը թուրքերը հազարաւոր հայ նահատակուածներուն երեխաները հաւաքած են եւ որբանոց մը դրած են, սակայն ի վերջոյ զանոնք խարոյկէ անցուցած են, անոնց ցնցոտիները քարիւղելէ ետք.
4. Արաբ բարձրաստիճան զինուորական Հասան Մաարուֆ. թուրքերը Մուշի, Պիթլիսի եւ Էրզնկանի մէջ հայ մանուկները ողջ ողջ այրած են բանտի խուրձերուն կրակ տալով.
5. Շուէտական միսիոնարական կազմակերպութեան պաշտօնեայ Ալմա Ճոհանսըն, որ պատասխանատուն եղած է Մուշի որբանոցին եւ Վենեզուելլացի զինուորական մը, որ ծառայած է թրքական բանակին մէջ. Մուշի որբանոցի թուրք պաշտօնեաները որբանոցի բոլոր հայ որբերը հաւաքած են եւ այրած են.
6. Թրքական բանակի բարձրաստիճան զինուորական Մէհմէտ Վահիտ. Մուշի Չիւրիկ գիւղին մէջ թուրքերը շատ մը հայ որբ մանուկներ տուներու մէջ բանտարկած են եւ տան մացառներուն մէջ այրած են.
7. Մարիա Ճէյքըպսըն. հազարաւոր հայ որբ մանուկներ թուրք տուներու մէջ պահուած են, ապա մօտակայ անտառներուն մէջ ողջ-ողջ այրուած են.
8. Նանսեն. թուրք զինուորներ շատ մեծ թիւով հայ մանուկներ զանազան շրջաններու մէջ այրած են թուրք տուներու մէջ.
9. Արամ Անտօնեան. «Դժոխային պայմաններու մէջ սպաննուեցան 3000 որբեր Տէր Զօրի անապատներուն մէջ: Այս որբերը զոհը գացին Ապտիւլլահ կոչուած հրէշին, որ անապատի ամէնէն ամայի մէկ անկիւնը քշեց խեղճերը ու հոն, անոնց մէկ մասը օդը հանեց հետը բերած պայթուցիկ նիւթերով, մէկ այլ մասը թխեց աւազակոյտերով կազմուած որջերու մէջ եւ թրջուած յարդի ու թաց փայտերու ծուխով խեղդեց զանոնք, իսկ մնացածներն ալ քով քովի եւ վրայէ վրայ պառկեցուց գետին, վրանին յարդ ու քարիւղ թափեց եւ ողջ ողջ այրեց»:
դ. Թունաւորում զանազան ձեւերով.
Մարդակերպ թուրք գազանները սպաննած են հազարաւոր հայ մանուկներ օգտագործելով թունաւորումի զանազան միջոցներ, որոնք գործադրուած են մասնաւորաբար թուրք բժիշկներու կողմէ:
Ահաւասիկ ողբերգական վկայութիւններ.
1. Թուրք երկու բժիշկներ Զիյա Ֆուատ եւ բժիշկ Ատնան. «Տոքթ. Ալի Սայիպ՝ Տրապիզոնի առողջապահական ծառայութիւններու տնօրէնը պատճառ դարձած է հազարաւոր հայ մանուկներու, որբերու, չափահասներու եւ յղի կիներու թունաւորումին Տրապիզոնի Կարմիր Մահիկ հիւանդանոցին մէջ եւ շատ մը դպրոց-հաւաքավայրերու մէջ: Թուրք բժիշկներ այս անմեղ հայերուն թոյն սրսկած են դեղորայք ըսելով: Գտնուած են հայեր, որոնք մերժած են սրսկումները եւ տոքթ. Սայիպ զայրացած անոնց բոլորը խեղդամահ ընել տուած է ծովուն մէջ»:
2. Տոքթ. Ատնան, Տրապիզոնի առողջապահութեան թուրք տնօրէնը, 1919ի Թրքական Զինուորական դատավարութեան ընթացքին վկայած է. «Հայ մանուկներուն թունաւորումը տեղի կ՛ունենար թէ՛ Կարմիր Մահիկի հիւանդանոցին մէջ եւ թէ դպրոցներուն մէջ: Անոնց մարմինները սպանութենէ ետք կը զետեղուէին խոշոր կողովներու մէջ եւ ապա կ՛ոչնչացուէին»:
3. Մաննիկ Երազեան, 26 Ապրիլ 1919ին Թրքական Զինուորական Դատավարութեան ընթացքին մանրամասն նկարագրած եւ վկայութիւններ տուած է անչափահաս եւ մանուկ հայերու թունաւորումով ոչնչացման:
4. Արամ Անտօնեան. Կիրասոնցիները ականատես եղած են Ակնիի որբանոցներէն մէկուն մէջ զետեղուած 500 որբերու թունաւորման եւ Եփրատ գետին մէջ նետուելուն:
ե. Բաղնիքներու մէջ տաք շոգիով շնչահեղձութիւն.
Ըստ երկու թուրք բժիշկներու՝ Զիյա Ֆուատի եւ Ատնանի, Տրապիզոնի մէջ տոքթ. Ալի Սաիպի հրամանով հազարաւոր հայ մանուկներ տաք շոգիի ենթարկուելով շնչահեղձ եղած են եւ մահացած են, ապա անոնց դիակները նետած են Սեւ ծովուն մէջ:
զ. Ողջ-ողջ փոսերու մէջ թաղում-սպաննութիւն.
Մալաթիոյ մէջ մօտ 100 հայ մանուկներ ողջ ողջ բոլորը միասին թաղուած են փոսի մը մէջ:
Կարապետ Գաբիկեան «Եղեռնապատում»ի մէջ կը գրէ. «Ճանտարմաները աչքի եկող էրիկմարդոց ընդարձակ փոս մը փորել տուին եւ այդ փոսին մէջ լեցնել տուին «չոճուգլար-պաղչէսիի» լքեալ հայ մանուկները եւ հողով ծածկեցին եւ կենդանի թաղեցին հայ մանուկները»:
Հայ մանուկներու ոչնչացումը՝ սպանութեամբ, խեղդամահութեամբ, ողջակիզումով, թունաւորումով, շնչահեղձութեամբ եւ ողջ-ողջ թաղելով կատարուած են թուրքերու կողմէ հետեւեալ պատճառաբանութիւններով՝
1. Հայ անչափահասները եւ մանուկները մերժած են իսլամութիւնը.
2. Անոնք մերժած են բաժնուիլ իրնց մայրերէն եւ դիմադրած են թուրքերուն.
3. Անոնք դիմադրած են արեւանգումներու ընթացքին եւ պետական որբահաւաքումի ընթացքին.
4. Հայ մայրեր դիմադրած են թուրք զիուորներուն եւ մերժած են յանձնել իրենց մանկիկները ջարդարար թուրքերուն.
5. Պետական յստակ որոշումով՝ ոչնչացնել հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ ներառալ հայ մանուկները.
Բ. Մահ երկարատեւ յոգնութեան, անօթութեան, ջրազրկումի, ուժասպառութեան, հիւանդութեան, համաճարակներու եւ արեւահարութեան պատճառով: Ահաւասիկ կարգ մը վկայութիւններ.
ա. Արամ Անտօնեան. թուրք զինուորներ 3-10 տարեկան 7000 հայ տղաք բանտարկած են գարշահոտ վայր մը. բոլորը անօթութենէ եւ ծարաւէ մեռած են.
բ. Նանսեն. հազարաւոր մանուկներ մահացած են անօթութենէ, ծառաւէ եւ հիւանդութիւններէ ամբողջ տարագրութեան տարիներուն.
գ. Մարիա Ճէյքըպսըն. հազարաւոր հայ մանուկներ մահացած են չքաւորութենէ, անօթութենէ եւ զանազան տեսակի հիւանդութիւններէ.
դ. Պետրոս Պտղունի, Ֆուրնուզցի աներհայրս. «Ես 10 տարեկան էի գաղթականութեան օրերուն: Հայրս, մայրս ես եւ չորս տարեկան Շաքէ քոյրս Ֆուրնուզէն տարագրուեցանք: Երկու ամիս կարաւանով գիւղէ գիւղ թափառելէ ետք հասանք անապատային վայր մը: Մինչ այդ բոլորս անօթութենէ եւ ծարաւէ կը տառապէինք: Քոյրս եւ ես շատ նիհարցած էինք, Շաքէն կմախքի վերածուած էր: Քոյրս անկարող էր ոտքի կենալ, հետեւաբար ես եւ հայրս փոխն ի փոխ զինք կը շալկէինք: Ան խօսելու ուժ չունէր, միայն պուտ մը ջուր կը խնդրէր մեզմէ: Հայրս կաւէ պզտիկ սափոր մը տուաւ որպէսզի երթամ եւ ջուր մուրամ վրաններէն: Երկար մուրացի, սակայն չկարողացայ ջուր ունենալ եւ պարապ սափորով վերադարձայ: Շաքէ քոյրս ծարաւութենէ աւանդած էր իր հոգին հօրս գիրկը: Մինչեւ այսօր խիղճս հանդարտ չէ, որովհետեւ չկարողացայ պուտ մը ջուր հասցնել Շաքէ քրոջս».
ե. Արմին Վեկներ. «Մանուկները լալով ճչալով կը մեռնէին անօթութենէ եւ ծարաւէ»:
Գ. Մանուկներու ջրամահութիւն-խեղդամահութիւն իրենց մայրերուն ձեռքով
Շատ մը խելագար հայ մայրեր Եփրատ գետ զոհած են իրենց զաւակները, որպէսզի թուրքին չյանձնեն զանոնք:
Արմին Վեկներ գրած է. «Մայրերը գրկած իրենց մանկիկները, զանոնք կը նետէին առուակներու մէջ, ուրիշ մայրեր զաւակները գրկած երգելով կը նետուէին Եփրատ գետը»:
Դ. Անձնասպանութիւն
Հազարաւոր դեռատի հայ աղջիկներ գետ նետուելով խեղդամահ-անձնասպան եղած են հեռու մնալու անպատուութենէ, բռնապղծումէ եւ առեւանգումէ:
Ե. Բռնաբարում, պղծում եւ սպաննութիւն
Անչաբահաս դեռատի հայ աղջիկներ բռնաբարուած են, պղծուած են եւ ապա սպաննուած են զանազան վայրագ միջոցներով թուրք ճիւաղներու ձեռամբ:
Թուրք զինուորներ դերատի հայ աղջիկներ բռնի ուժով փոխադրած են Պոլիս որպէս նուէր Պոլսոյ կեդրոնական հրամանատարութեան անձնակազմի անդամներուն:
Կարգ մը թուրք բժիշկներ կատարած են նաեւ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ շատ մը հայ աղջիկներու վրայ յագեցնելու համար իրենց վատառողջ սեռային փափաքը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը կը յագեցնէին անչափահաս, 12 տարիքը չբոլորած, հայ պարմանուհիներու կուսութիւնը ըմբոշխնելով եւ դիտելով իրենց պղծած հայ անմեղուհիներու զոհաբերումը իրենց ձեռքով սարքուած բագիններու վրայ:
Ահաւասիկ կարգ մը վկայութիւններ.
ա. Մահմետ Ալի ձեւականօրէն թրքացած հայ մը՝ Տրապիզոնի մէջ Կարմիր Մահիկ հիւանդանոցին մէջ Տրապիզոնի նահանգապետը, Ճեմալ Ազմի, տասնեակ մը հայ դեռատի աղջիկներ քանիցս բռնաբարած եւ պղծած է զանոնք, յագեցնելով իր սեռային վայրագ պապակը: Ճեմալ Ազմի խոստովանած է նաեւ ըսելով. «10-13 տարեկան գեղեցիկ հայ աղջիկներէն զատեցի մի քանին եւ յանձնեցի 14 տարեկան տղուս որպէս նուէր, իսկ մնացեալները ամէնը պղծելէ ետք խեղդամահ ըրի Սեւ ծովուն մէջ».
բ. Տիարպեքիրի Սիլվանի զինուորական հիւանդանոցի բժշկապետ տոքթ. Նեթհիի կիրքերուն զոհ գացած են շատ մը անմեղ հայ որբուհիներ.
գ. Գերմանացի պաշտօնեայ Պասթենտորֆ. «Ռաս էլ Այնի հայերու հսկիչը, Նուրի Շաուխ բժիշկ Ֆարախին խոստովանած է, որ ինք կը զուարճանար տասներկու տարեկանէն վար հայ աղջիկները կուսութենէ զրկելով».
դ. Արամ Անտօնեան. «Մուշի մէջ թուրքերը 8 տարու շատ մը աղջնակներու կուսութիւնը բռնաբարած են եւ այս վիճակին մատնուողներէն անոնք, որոնք չեն կրցած քալել հրացանի բռնուած են».
ե. Արամ Անտօնեան. «Տէր Զօրի «մերքեզ մեմուրը» հրէշ Գաւատար օղլու Մուսթաֆան 1917ին Տէր Զօրի սուրիանիներու եկեղեցին հանրատուն դարձուց, քաղաքին մէջ վերապրող հայ դեռատի աղջիկները բռնի այդ եկեղեցին լեցուց եւ օրինակը ինք տալով, մղեց բոլորը, որպէսզի լլկեն ու պղծեն զանոնք անխղճօրէն».
զ. Մարիա Ճէյքըպսըն. «Շատ մը որբ աղջիկներ եւ տղաք թուրքերու կողմէ տուն կը տարուէին. հայ աղջիկները հարեմներու մէջ կը բռնաբարուէին զինուորներու կողմէ».
է. Նանսեն. «Շատ մեծ թիւով դեռատի հայ աղջիկներ առեւանգուելէ ետք կամ պղծուեցան եւ կամ աճուրդով ծախուեցան: 20 ղուրուշ կը վճառուէր առեւանգողներուն եթէ պղծուող դեռատի հայ աղջիկը կոյս էր եւ 5 ղուրուշ եթէ արդէն պղծուած էր».
ը. Արմին Վեկներ. «Թուրքերը դպրոցներէն կը խլէին փափկասուն որբուհիները, իրենց անասնական կիրքերուն յագուրդ տալու համար».
Զ. Միասեռական բռնի յարաբերութիւն
Մեծ թիւով անչափահաս հայ տղաք բռնի միասեռական յարաբերութիւն ունեցած են թուրք հրէշ զինուորականներու հետ:
Ըստ Զուիցերիացի դեղագործի մը, որ երկար ժամանակ գործած է թուրքիոյ մէջ, թուրք զինուորներ հարիւրաւոր անչափահաս հայ տղաք բռնի տարած են եւ անոնց հետ ունեցած են միասեռական աղտոտ յարաբերութիւն:
Է. Առեւանգում
Հայ մանուկներ առեւանգուած են թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ:
Հազարաւոր գեղեցիկ դեռատի հայ աղջիկներ խլուած են թրքական հարեմներուն համար:
Ըստ Բիւզանդ Եղիայեանի, հայ մանուկներ արեւանգուելէ ետք հաւաքուած են թուրք ընտանիքներու եւ թուրք որբանոցներու մէջ:
Ը. Աճուռդով վաճառք
Շատ մեծ թիւով հայ մանուկներ աճուրդով հրապարակներու վրայ ծախուած են թուրք արեւանգող զինուորներու կողմէ:
Ահաւասիկ կարգ մը քստմնելի վկայութիւններ.
ա. Եոհանս Լեփսիուս. «Հայ մանուկներէն շատերը ծախուած են ժանտարմաներու կողմէ: Հազարաւոր հայ տղաք եւ աղջիկներ ծախուած են Հալէպցի արաբներու, թուրքերու եւ հրեաներու: Ընդհանրապէս փոքր տղաքը յարգի եղած են, մանաւանդ՝ աղջիկները.
բ. Աւետիս Թէքէեան.- Պեհեսնի հայերը տարագրութեան ընթացքին երբ Նէօվեկ կը հասնին, թուրք ոստիկաններ հայ փոքրիկները ծախու հանած են, երեք տարեկանէն վար պզտիկները առեւանգած են անոնց մայրերու գիրկէն եւ նետած են թուրք ազգակից յաճախորդներու թեւերուն մէջ: Աւետիսի երկու տարեկան քոյրը՝ Կիւլէնիան, առեւանգուող փոքրիկներուն մէջ եղած է: Ամէն մէկ փոքրիկի փոխարէն թուրք կիները ոստիկաններուն տուած են թրքական մէկ մեճիտի:
գ. Բիւզանդ Եղիայեան. «Եղած են թուրք կողոպտիչներ, որոնք ջարդուած հայկական խումբերու մէջ գտնուող որբ մանուկները հաւաքած են եւ ծախու հանած ու ցուցադրած են հրապարակաւ, իսկ թուրք ընտանիքներ ընտրելով գնած են հայ մանուկները եւ տուն տարած են:
դ. Արմին Վեկներ. «Մանուկները կը ծախուէին հրապարակաւ»:
Թ. Որբացում
Հայ մանուկներ որբացած են զանազան ձեւերով, պատճառներով եւ պայմաններու բերումով.
ա. Մայրերու ոչնչացում-սպաննութիւն թուրքերու կողմէ.
բ. Մայրերու անձնասպանութիւն՝ խեղդամահ ըլլալով: Մայրեր կատարած են այս արարքը, որպէսզի չենթարկուին արիւնարբու թուրքին արեւանգումին, բռնաբարումներուն եւ անպատուութեան.
գ. Մանուկներու առեւանգում եւ վաճառք թուրքերու կողմէ.
դ. Հայ մայրեր հրացանի եւ խարազանի հարուածներու տակ ստիպողաբար ձգած են իրենց անմեղ մանուկները եւ առանձինն քալած են գաղթականութեան գողգոթան:
Տրապիզոնի մէջ 3000 մանուկներ բաժնուած են իրենց ծնողներէն եւ զետեղուած են թրքական որբանոցներու մէջ որպէս որբեր:
ե. Սնունդի չգոյութեան պատճառով հայ մայրեր կամովին յանձնած են իրենց զաւակները թուրք ընտանիքներու.
զ. Մանուկներու ստիպողական հաւաք պետական մակարդակով:
Ժ. Կրօնափոխութիւն, իսլամացում եւ ձուլում
Հայ որբեր ենթարկուած են կրօնափոխութեան, իսլամացումի եւ ձուլումի:
Անոնց իսլամացումը եւ ձուլումը կատարուած է երկու մակարդակով՝
ա. Պետական մակարդակ, որ իրականացած է երկու գործընթացքով.
1. Որբացած հայ մանուկներու հաւաքումը կատարուած է պետական հրահանգով:
Հայկական ջարդերը կազմակերպող կեդրոնական մարմինները եւ ղեկավարները հրահանգած են թուրք իսլամ ժողովուրդին եւ թուրքիոյ բոլոր որբանոցներու թուրք պատասխանատուներուն հաւաքել հայ մանուկները, պահել եւ մեծցնել զանոնք հարստացնելու համար թուրք ազգը հայ մանուկներով՝ նկատի առած հայ մանուկներու ցեղային արժէքները: Հաւաքուած հայ մանուկներուն մեծամասնութիւնը տեղաւորուած են թրքական որբանոցներու մէջ եւ մասամբ մը թուրք ընտանիքներու մէջ:
Պետական հրամանով եւ կարգադրութեամբ հայ որբերը հաւաքուած են եւ ղրկուած են այնպիսի վայրեր, ուր հայու հետք չէ մնացած, որպէսզի ապագային անոնք մեծնալով հայու չհանդիպին: Անոնք բաժնուած են թուրք ունեւոր եւ աղքատ ընտանիքներու մէջ: Պետութիւնը նոյնիսկ նիւթապէս օգնած է տնտեսապէս տկար ընտանիքներուն, որպէսզի անոնք կարողանան պահել, մատակարարել եւ իսլամացնել հայ որբերը:
2. Պետութիւնը ինք տեղաւորած է հայ որբերը գոյութիւն ունեցող թրքական որբանոցներու մէջ եւ իր կողմէ նոր հաստատուած որբանոցներու մէջ: Այս որբանոցներու մէջ թուրքերը իսլամացուցած են հայ որբերը, իսլամ կրթութիւն տուած են անոնց եւ ամէն միջոցի դիմած են զանոնք ձուլելու թուրք ազգին մէջ:
Այս որբանոցներէն յատկանշական է Ճեմալ Փաշայի ստեղծած Լիբանանի մէջ Անթուրայի որբանոցը: Ճեմալ Փաշան Պոլիսէն կը հրաւիրէ փանթուրքիստ կին գրող Հալիտէ Էտիպին, որպէսզի իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը:
բ. Ժողովրդային մակարդակով.
Թուրք ընտանիքներ, որպէս բարեգթութիւն, որբացած հայ մանուկները հաւաքած են եւ պահած են զանոնք իրենց տուներուն մէջ. սակայն անոնք ըրած են զուտ տնտեսական նկատառումներով՝ օգտագործելու համար զանոնք որպէս անվճառ ծառաներ եւ սպասաւորներ ինչպէս նաեւ վաճառելու զանոնք մեծահարուստ ուրիշ թուրք ընտանիքներու:
Հայ որբերու իսլամացումը տեղի ունեցած է յատուկ դասընթացքներով եւ ծիսական արարողութիւններով՝ հայ անուններու թրքացում, տղոց թլփատում եւ իսլամ կրօնքի ուսուցում:
Ահաւասիկ կարգ մը սրտաճմլիկ վկայութիւններ՝
ա. Գերման հայասէր Եոհանս Լեփսիուս.
1. «Սեբաստիոյ մէջ թուրք զինուորները ստիպած են մանկամարդ հայ աղջիկներուն, որ իսլամանան: Անոնք որ մերժած են բռնաբարուած են, ապա չարչարանքով սպաննուած են.
2. «Շատ մը մանկամարդ աղջիկներ անձնասպան եղած են գետը նետուելով խուսափելու համար անպատուութենէ եւ բռնապղծուելէ եւ կամ իսլամութիւնը ընդունելէ.
3. «Բաբերդի մէջ թուրք սպաներու կիները իրենց փոխադրակառքերու մէջ գրաւած են հայ աղջիկներ, փոխած են անոնց հայկական անունները իսլամական անուններու եւ մարզած են զանոնք իսլամական սովորութիւններով.
4. «Էնկիւրիի մէջ Սուլթանին տարեդարձի տօնակատարութեան առիթով 136 հայ մանուկներ իսլամացուցած են անոնց թլփատում կատարելով.
5. «Զիլէի մէջ հայ մանուկներ ականատես եղած են իրենց մայրերու սպանութեան, սուիններու հարուածներով, որովհետեւ անոնք մերժած էին իսլամանալ»:
բ. Մարիա Ճէյքըպսըն. «Թուրքերը հիմա յայտարարեցին որ բոլոր հայ մանուկները եւ անչափահասները պէտք է իսլամանան եւ տղոց թրքացումը պիտի ըլլայ թլփատումով»:
գ. Գառնիկ Բանեան. «Անթուրայի որբանոցին մէջ հազարի հասնող հայ որբեր կենաց եւ մահու պայքար մղեցին թրքացման մահաշունչ մթնոլորտին դէմ: Այդ որբերուն անունները փոխուեցան, մայրենի լեզուն խօսելու իրաւունքը առնուեցաւ անոնց ձեռքէն, իսլամական կրօնքը պարտադրելու դժոխային եղանակներ գործադրուեցան. սակայն հակառակ այդ բոլոր խժդուժութիւններուն, թրքավայել սարսափներուն, սովահար այդ սերունդէն քանի մը հարիւր հոգիի մահուան գիրկը երթալուն, միւսները դիմացան՝ ներելի եւ աններելի մեղքեր գործեցին, միայն եւ միայն ապրելու համար:
«Որբանոցին մէջ հարցուցին անունս, մեքենաբար պատասխանեցի՝ Գառնիկ: Ահռելի ապտակ մը եւ ես լաց ու ճիչով գետին ինկած՝ կը գալարուէի, երբ թուրք պաշտօնիայի կօշիկին քիթով կողիս տրուած հարուած մը բաւական եղաւ, որ ուշակորոյս, փռուիմ գետին մեռելի պէս: Անունս այլեւս Գառնիկ չէր, այլ՝ Մահմուտ, թիւս ալ 551: Հայերէն խօսիլը ջնջուած էր»:
«Զինուորներու բիրտ բազուկները իսկոյն կը նետուէին Մանուէլին եւ Մկրտիչին վրայ, մորթուելու տարուող ոչխարներ ըլլային կարծէք, ու կը պառկեցնէին գետին, ֆալախան կ՛անցնէին ոտքերնուն, ամուր կը կապէին, ֆալախայի երկու ծայրերէն բռնած կը բարձրացնէին վեր, աւելի վեր, հազիւ գլուխները գետին դպչելու աստիճան ու կը սկսէր սրբազան արարողութիւնը. թրքացնելու նպատակով հոս բերուած տղաքը, հլու հպատակ թուրքեր դարձնելու առհաւական ճիգով, անխնայ կը խոշտանգուէին»:
«Գիշեր մը, երազիս մէջ բերնէս դուրս թռեր էր«մայրիկ» բառը, հայերէն խօսելուս համար ֆալախայի համը ճաշակեցի երկրորդ անգամ»:
ԺԱ. Որբահաւաք հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ
Զինադադարէն ետք հայ որբերը հաւաքուած են Պոլսոյ, հայկական գաւառներու, Հայաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի հարիւրաւոր հայկական որբանոցներու եւ շատ մը Եւրոպական ու Ամերիկեան բարեսիրական կազմակերպութիւններու որբանոցներուն մէջ:
ԺԲ. Հոգեկան եւ մտային խանգարում ու մթագնութիւն
Հազարաւոր հայ մանուկներ ականատես ըլլալով իրենց մայրերուն եւ դեռատի քոյրերուն բռնաբարումին, պղծումին, չարչարանքներուն եւ ողջակիզումին ունեցած են զանազան մակարդակի հոգեկան եւ մտային խանգարումներ, որոնք ազդած են անոնց առողջ կազմաւորման.
Մուշեղ Իշխանի հետեւեալ տողերը կը մարմնաւորեն ջարդի օրերուն որբացած հայ մանուկներու հոգեվիճակը.
Չէ՞ք ճանչնար զիս, ես այն մանչուկն եմ սիրուն
Որ յոգնասպառ, կիսամերկ
Անապատին մէջ Տէր Զօրի մտաւ քուն
Եւ չարթնցաւ ալ երբեք.
Մի սարափիք կմախակերպ իմ տեսքէս,
Հող չեմ մտած ես բնաւ
Կը շրջէի դիակներու մէջ այսպէս,
Միշտ անօթի ու ծարաւ:
Օրեր անվերջ, կարօտ պատառ մը հացի,
Տեսայ արիւն, տեսայ մահ:
Քոսոտ այծի պէս միայն խոտ ծամեցի,
Խոտն ալ յետոյ չգտայ:
Այսօր անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութէան հայ մանուկներու եւ անչափահասներու սարսափահար եղեռնապատումին եւ ոդիսականին կը խոնարհինք հարիւր հազարաւոր նահատակ եւ որբացած հայ մանուկներու հոգիներուն դիմաց յայտարարելով՝
Դուք անմահութեամբ նահատակուեցաք եւ որբացաք.
Մենք կտակատարներն ենք ձեր կանչին՝ ՉՄՈՌՆԱԼ ԹԱՓՈՒԱԾ ԱՐԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՃԻՒԱՂԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ:
Այո՛ պիտի չմոռնանք ձեր կանչը.
Պիտի հետապնդենք Հայկական Ցեղասպանութեան Դատը.
Պիտի մնանք պահաջատէր մինչեւ հատուցում:
Փառք ու պատիւ նահատակ եւ որբացած Հայ Մանուկներուն:
Ասոնք էին այդ մանուկները, կարելի չէ մոռնալ զանոնք:
Օգտագործուած Աղբիւրներ.
1. Children as victims of genocide, the Armenian case, Vahan Dadrian, Journal of Genocide research 5, No. 3 (Sept. 203).
2. Recognizing the Armenian Genocide, Vol.1, booklet by United Commmmeration Committee of Canada, 1995.
3. The role of Turkish physicians in the world war I Genocide of Ottoman Armenians, Holocaust and Genocide studies 1,2(1986), Dr.Vahakn N. Dadrian.
4.The Armenian Refugee Camps in Aleppo (1922-1936),Aleppo, 1986.
5. Ազգը չէ մեռած եւ անհնար է որ մեռնի, բանտի եւ աքսորի տարիներ, Թէոդիկ, 1919, վերհրատարակուած 1985, Անթիլիաս.
6. Ամէնուն Տարեցոյցը, Թէոդիկ, 1921, 1928.
7. Մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը, Արամ Անտօնեան, Պոլիս, 1921, վերահրատակուած Պէյրութ 1978.
8. Ժամանակակից պատմութիւն Կաթ. Հայոց Կիլիկիոյ (1914-1972), Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 1975.
9. Դրուագներ Ապրիլեան Եղեռնէն, Պեհեսնի հայութեան գողգոթան, Աւետիս Դ. Թէքէեան, Պէյրութ, 1956.
10. Այն սեւ օրերուն, Արամ Անտօնեան, վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985.
11. Վերապրողներ կը վկայեն, Սեդա Քիլեճեան, Պէյրութ, 2005.
12. Ապրիլեան Եղեռնի բացառիկ, Յեղափոխական Ալպոմ, Պէյրութ, 1975.
13. Խորշակահար Մանկութիւ՛ն Ա. Գիրք, Ներսէս արք. Բախտիկեան, Անթիլիաս.
14. Կտակն էր Նահատակներուն, Արշաւիր Շիրակեան, Պէյրութ, 1965.
15. Յուշեր-Անթուրայի որբանոցը, Գառնիկ Բանեան, Պէյրութ, 1992.
16.Կեանք մը Ազգիս կեանքին մէջ, Մատթէոս Էպլիղաթեան, Անթիլիաս, 1987.
17. Ազգային Խնամատարութիւն, Մատթէոս Էպլիղաթեան, Անթիլիաս, 1985
18. Օրագրութիւն-Մարիա Ճէյքըպսըն (1907-1919), Խարբերդ, Թարգ. Ներսէս եպիսկոպոս Բախտիկեան, Անթիլիաս, 1979.
19. Յուշամատեան Ճիպէյլի Ամերիկեան Որբանոցին 1920-1925, Պէյրութ,1965
20. Armenia and the Near East, F. Nansen. 1928.
21. Արմին Վեկներ