
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Ապրիլին այցելած է Ասկերանի շրջան եւ մասնակցած Իւանեան գիւղի մօտակայքը կազմակերպուած ծառատնկումին:
Նախագահը նաեւ մեկնած է Մարտակերտի շրջան եւ մասնակցած շրջանի վարչակազմի ընդլայնուած նիստին, որուն նպատակն էր անդրադառնալ նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն:
Զեկուցումներ ներկայացուցած են շրջանի վարչակազմի ղեկավար Լեւոն Չալեանը, համայնքներու, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու ղեկավարները եւ այլ պատասխանատուներ:
Նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Մարտակերտի շրջանի զարգացման՝ նկատի ունենալով անոր հսկայական ներուժը: Երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ շրջանին մէջ նախատեսուած շարք մը ռազմավարական ծրագիրներու իրականացումը նոր որակ կու տայ Մարտակերտին, ինչպէս նաեւ ամբողջ հանրապետութեան յառաջընթացին: Բակօ Սահակեան յստակ եւ որոշակի յանձնարարականներ տուած է աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Հանդիպման աւարտին նախագահը պատասխանած է ներկաներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին շրջանը յուզող հարցերուն եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան։
Բակօ Սահակեան նշած է, որ կը պատրաստուի առաջադրել իր թեկնածութիւնը հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին՝ երկրորդ շրջանի համար եւ ինքնաառաջադրման կարգով, որովհետեւ ինք որեւէ կուսակցութեան անդամ չէ։ Նախագահը իր որոշումը բացատրած է այն հանգամանքով, որ պատասխանատուութիւն կը զգայ աւարտին հասցնել այն բոլոր ծրագիրները, որոնց սկսած է իր պաշտօնավարման հինգ տարիներուն ընթացքին։ Երկրին ղեկավարը յատուկ կերպով ընդգծած է ժողովուրդին կողմէ իր ղեկավարին նկատմամբ ունեցած վստահութեան կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ միայն նման վստահութեամբ կարելի կ՛ըլլայ լուծել Ղարաբաղի հանրապետութեան դիմաց ծառացած հրատապ խնդիրները, իրականացնել Արցախի շէնացման համար ի գործ դրուող բոլոր ծրագրերը: