
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ուրբաթ, Մարտ 2ին, նախկին ֆրեզնոցի Ուոլթըր Քարապեան եւ կինը՝ Լորըլ, առիթը ունեցան հանրայայտ հայ արուեստագէտ ու ծովանկարիչ Իվան Այվազովսքիի (Յովհաննէս Այվազեան) մասին իրենց ամբարած գիտելիքները՝ լուսանկարներով հարստացուած, փոխանցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցած դասախօսական ձեռնարկի մը ընթացքին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կողմէ, որ նաեւ հիւրընկալեց դասախօսութենէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցած փորք ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին Քարապեաններուն պատկանող Այվազովսքիի քանի մը ստեղծագործութիւններ ցուցադրութեան դրուած էին: