ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական պատուիրակութիւանը Պաքուի մէջ այցելած է Ատրպէյճանի մէջ պահպանուած հայկական միակ եկեղեցին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ։
5 Ապրիլին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ «Եւրոնես»չի լիագումար նիստի արդիւնքներուն մասին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յատյնած է «Եւրոնես»չի մէջ հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ստեօպա Սաֆարեան՝ ցաւով ընդգծելով, որ եկեղեցին առանց խաչի է ու չի ծառայեր իր հիմնական նպատակին, այլ միայն որպէս գրադարան-թանգարան:
Հայկական պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեան հաստատած է այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած աշխատանքներուն ընթացքին իրենց հանդիպած ատրպէյճանցիները՝ թէ՛ պետական պաշտօնեաները, եւ թէ հասարակ քաղաքացիները, դրականօրէն տրամադրուած էին հայկական պատուիրակութեան անդամներուն նկատմամբ, միայն նախագահ Ալիեւն էր, որ կը փորձէր ատելութեան քարոզչութեամբ պահպանել սեփական բացարձակ իշխանութիւնը:
«Թէ՛ ընդունելութիւնը, թէ հիւրասիրութիւնը, թէ մեր պատուիրակութեան անվտանգութիւնը կազմակերպուած էին ամենաբարձր մակարդակով: Նոյն գնահատականները չի կարելի տալ հեռուստաեթերով ընթացող հաղորդումներին ու «խօսքի ազատութեանը» Ատրպէյճանում, որոնք ամէն հնարաւոր առիթով միայն ատելութիւն էին սերմանում: Ատրպէյճանական հեռուստաընկերութիւններից մէկն անգամ օրական մի քանի հաղորդում հեռարձակում էր հայերէնով ու բացարձակ ապատեղակատուութիւն սփռում գրեթէ բոլոր հնարաւոր իրադարձութիւնների մասին», յայտնած է Նայիրա Զոհրաբեանը։ Ան հաստատած է, որ Իլհամ Ալիեւի մէկ ժամուան ճառին ընթացքին, երբ ան «բարձր» ամպիոնէն յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութիւն կը տիրէ, զգալի էր, որ եւրոպացի պատուիրակներուն դէմքերուն վրայ բացայայտ ժպիտ կար։