
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը պիտի կայանայ Ապրիլ 5ին, երեկոյեան ժամը 5էն 8, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale CA 91205)՝ ազատ բեմ ոճով, որուն ընթացքին պիտի ընթերցուին Մեծ Եղեռնի կամ հայրենասիրութեան նիւթերով ստեղծագործութիւններ: Ելոյթ ունենալու ցանկութիւն ունեցող հեղինակները պէտք է իրենց անունները նախապէս արձանագրեն միութեան նախագահութեան մօտ՝ դիմելով awaoc@yahoo.com հասցէին: Մուտքը ազատ է:
Նաեւ, Մեծ Եղեռնի 97րդ տարելիցին կապակցութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամ 5էն 7 պիտի կատարուի ծաղկամատոյց՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ղօղանջ Ոգեկոչման» խաչքարին (500 South Central Ave, Glendale CA 91204): Գրողներ պիտի ընթերցեն Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին մարտիրոսացած գրողներու ստեղծագործութիւնները: