
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին, «Պրենտ» գրադարանին ու արուեստի կեդրոնին, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ Սիւզան Խարտալեանի բեմադրած վաւերագրական շարժապատկերին՝ «Grandma՛s Tattoos»ին («Տատիկիս Դաջուածքները») ցուցադրութիւնը, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard Street Glendale, CA 91205):
Ցուցադրութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հարցուպատասխանի բաժին մը՝ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի եւ Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց հարցերու յանձնաժողովի ատենապետ Փօլա Տիվանի հետ:
Շարժապատկերը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ շահագործուած հազարաւոր հայ կանանց: 1919ին, 90,819 հայ կիներ, աղջիկներ եւ երեխաներ փրկուած էին Օսմանեան կայսրութեան դէմ յաղթանակ ապահոված ուժերուն կողմէ, սակայն նոյնիսկ ազատելէ ետք՝ անոնք տառապած են զիրենք մեկուսացման մատնած դաջուածքներուն պատճառով:
Շուէտ հաստատուած, իսկ լրագրական ուսումը Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ ստացած Սիւզան Խարտալեան, նաեւ մագիստրոսի տիտղոս ունի Միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան ճիւղին մէջ՝ «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» բաժանմունքէն, ու յօդուածներ կը գրէ զանազան թերթերու, ներառեալ՝ «Ասպարէզ»ի: Ան բեմադրած է աւելի քան 20 շարժապատկերներ, որոնք ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-3288 կամ (818) 500-7675 թիւերուն: