ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Կիրակի, Մարտ 25ին, ՀՅ Դաշնակցութեան Սանթա Քլարայի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան հերթական ժողովի ընթացքին, հինգ նորագիրներ, իրենց վեցամսեայ կուսակցական դաստիարակչականին աւարտին, կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը ՀՅԴի շարքերէն ներս մտնելու՝ կնքահայրութեամբ Ռոստոմ Այնթապլեանի: Նորագիրերը կատարեցին իրենց ուխտը՝ մնալու հաւատարիմ Դաշնակցութեան կանոնագիրին ու ծրագիրին, եւ ծառայելու Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:
Ողջոյնի խօսքերով ժողովին բացումը կատարեց կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Պօղոս æանջանեան. ան առաջին առիթով ներկայացուց մասնաւորաբար այս առիթով Լոս Անճելըսէն ժամանած ու ժողովին մասնակից՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Վարուժան Ուրֆալեանը, Գօգօ Թօփալեանը, Յարութ Տօնոյեանը եւ Պետիկ Թաշճեանը: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեանն ու «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները:
Երդման արարողութեան աւարտին, իր պատգամը ուղղելով նորագիր ընկերներուն՝ կնքահայր Ռոստոմ Այնթապլեան ըսաւ. «Ընկերներ եւ ընկերուհիներ, դուք բարի եկաք ՀՅ Դաշնակցութեան, այս հզօր կազմակերպութեան շարքերէն ներս. գիտեմ, որ դուք լրջութեամբ հետեւեցաք դաստիարակչական ծրագիրին եւ այսօր դուք ձեր երդումը տուիք, սակայն այս երդումով ձեր ուսերուն վրայ դրուեցան ծանր պարտականութիւններ: Մեր հանրածանօթ ու մտաւորական ընկերներէն Նիկոլ Աղբալեան ըսած է հետեւեալը. «Հետեւեալ հինգ պայմանները ընդունող ոեւէ անձ կրնայ լաւ դաշնակցական ըլլալ. ընդունիլ Դաշնակցութեան ծրագիրը ու գործունէութեան միջոցները, ընդունիլ եւ համակերպիլ Դաշնակցութեան որոշումներուն եւ գաղափարներուն, փորձել եւ բոլոր միջոցները օգտագործել կուսակցութեան նպատակները եւ գաղափարախօսութիւնները իրականացնելու, միանալ եւ մաս կազմել կուսակցութեան տեղական աշխատանքներուն, մեր կուսակցութեան ուղղութեան եւ ազդեցութեան միջոցներով տարածել մեր ուսերուն դրուած բարոյական ու ֆիզիքական բոլոր պատասխանատուութիւնները»: Ես վստահ եմ, որ դուք հինգդ ալ համաձայն էք այս պայմաններուն, ու ձեր միացումով «Սարդարապատ» կոմիտէութեան շարքերուն՝ աւելի ու աւելի զարկ պիտի տրուի Սանթա Քլարայի մէջ կուսակցական, ազգային ու մշակութային աշխատանքները տարածելու գործին»:
Իր խօսքի աւարտին, Ռ. Այնթապլեան նորընծաներուն նուիրեց բազմավաստակ մտաւորական ու կուսակցական գործիչ Հրաչ Տասնապետեանի գործերէն՝ «Ո՞վ է Դաշնակցականը» գրքոյկէն մէկական օրինակներ:
ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պետիկ Թաշճեան, Կեդրոնական կոմիտէին անունով ողջունելով նորագիրները՝ ըսաւ. «Սիրելի՛ ընկերներ եւ ընկերուհիներ, ձեր կեանքի կարեւորագոյն վայրկեաններէն մէկը պիտի ըլլայ ու միշտ պիտի յիշէք այսօրուան ձեր տուած երդումը, թէ դուք որոշեցիք ծառայել մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին, ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով: Այս մէկը շատ կարեւոր է: Այսօրուան ձեր առած քայլը, ձեր ազգային կեանքին մէջ լաւագոյն քայլն է»: Ապա Պ. Թաշճեան, եզրափակելով իր խօսքը՝ բարի գալուստ մաղթեց նորագիրներուն ու շնորհաւորեց զանոնք Կեդրոնական կոմիտէին անունով:
Պ. Թաշճեան իր պատգամի վերջաւորութեան նորընծաներուն նուիրեց Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ մասնաւորաբար առաքուած՝ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի նուիրուած «Ռոստոմ Նամականի» հատորէն օրինակներ:
Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեան նոյնպէս ելոյթ ունենալով՝ շնորհաւորեց ու բարի գալուստ մաղթեց նորընծաներուն՝ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերէն ներս: Հ. Սարգիսեան, մասնաւորաբար շեշտը դնելով նորագիրներու այս պատմական օրուան վրայ՝ իր պատգամին ընթացքին ըսաւ. «Այսօր պէտք է հպարտ զգաք, քանի դուք այսօր այն քիչերէն էք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարին հաւատալով՝ կ՛ուզէք ձեր ծառայութիւնը մատուցանել հայութեան եւ Հայաստանին: Դուք այսօր կը մասնակցիք այն կուսակցութեան, ուր շատեր նոյն նպատակով ծառայած են, նոյնիսկ իրենց կեանքի գինով»:
Աւարտին, Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ ճաշի օրհնութենէն եւ կարկանդակի հատումէն ետք, խրախճանք-ճաշկերոյթի ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ժամանակ, Սանթա Քլարայի «Village Falafel» ճաշարանին մէջ: