ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անտեղի հարցումներ հարցնող մարդոց նկատմամբ վերապահութիւն ցուցաբերելը ընդունելի պէտք է համարել: Մանաւանդ անոնց նկամամբ, որոնք չեն գիտեր ո՞ւր, որո՞ւ եւ ի՞նչ հարցում հարցնել: Կօշկակարին կը հարցնեն հաց թխելու մասին, ձկնավաճառին՝ համակարգիչի ծրագիրներու մասին, բժիշկին՝ ձուլագործութեան մասին, եւայլն: Ինչքան ալ հակապատկերներ փորձենք գծել, դեռ եւս պիտի չկարենանք ճշգրտօրէն բնորոշել անտեղի հարցումներ հարցնողներու նկարագիրը:
Դեռ, կան գուշակութիւն կատարողները եւ մանաւանդ ուրիշները գուշակի տեղ դրած, անոնց անհեթեթ հարցումներ հարցնողները: Ասոնք կա՛մ զօրաւոր երեւակայութիւն ունեցող մարդիկ են, եւ կամ՝ տկարամիտներ: Եթէ գիտես, թէ ապագային ի՞նչ պիտի պատահի, ինչո՞ւ մարգարէական շնորհքներովդ չես յայտնուիր մարդոց դիմաց: Կամ՝ եթէ ապագայով այդքան հետաքրքրուած ես անձնապէս, ինչո՞ւ կ՛ուզես, որ ուրիշներ ալ մասնակից դառնան կատարած գուշակութիւններուդ: Առնուազն այդ գիւտերդ քեզի պահէ, որպէսզի երբ չ՛իրականանան՝ գէթ չխայտառակուիս, ու ամօթով չմնաս մարդոց դիմաց:
Երկրի քաղաքական ապագային առնչուած հարցումներ, տնտեսական տագնապի մասին գուշակութիւններ, ծանօթ թէ անծանօթ մարդոց անձնական կեանքին վերաբերող կանխատեսումներ, եւ այլ նիւթեր մաս կը կազմեն այդ բոլորին մասին անտեղի հարցումներ հարցնող մարդոց յատուկ հարցարանին:
Չափազանց արեւելեան սովորութիւններով երկրի հայ համայնքին տուած այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հանդիպեցայ փոքրիկ մատրան, ուրկէ ջուրի ձայն կու գար: Հետաքրքրութիւնս զիս մղեց այդ կողմ: Նիհարակազմ մէկը, ձեռքին ջուրով լեցուն դոյլ, կը թափէր կեդրոնը դրուած երկաթեայ սեղանին վրայ պառկած մօրէ մերկ մարդկային դիակի վրայ: Մի քանի հարցում, եւ պարզ դարձաւ, որ տեղական սովորութեան համաձայն, մեռելը պէտք էր լուային, ու ապա յուղարկաւորութիւնը կատարուէր: Հին գաղութներու աւանդութիւններուն նկատմամբ միշտ յարգանք ունեցած ըլլալով, գնահատեցի մարդուն կատարած աշխատանքը, որ խորքին մէջ մեծ զոհողութիւն էր, անոր փոխարէն վճարուած ջնջին գումարին հետ բաղդատած:
Քիչ ետք աւելի յստակացաւ, որ այս դժուարին աշխատանքը կատարողը, որ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ յատուկ ընկերութիւններու մասնագիտութիւնը դարձած է ու մեծածախս գումարներով կ՛իրականացուի, եկեղեցւոյ ժամկոչն էր: Մէկը, որ ժամկոչութեան, ու դեռ՝ մեռել լուալու ծանր աշխատանքին կողքին ուրիշ պաշտօններ ալ ունէր, ինչպէս՝ այցելուներուն սուրճ հիւրասիրելու պարտականութիւնը, նամակաբաշխութիւնը, տնօրհնէքներու ընթացքին քահանային ընկերակցելու պաշտօնը եւ քանի մը այլ շինարարական բնոյթի գործեր:
Մեր զրոյցը ընդհատուեցաւ, երբ ներս մտան մի քանի կիներ, նախ բարձրաձայն լալով, յետոյ հեկեկալով: Փաստուեցաւ, որ անոնք ննջեցեալի պարագաներն էին: Լոգանքի վերջին մասին հասած ըլլալով, եւ հետերնին բերած ըլլալով իրենց մեռած հարազատին նորագոյն (կամ նախասիրած) զգեստները, յանձնեցին զանոնք ժամկոչին: Քիչ ետք, դարձեալ խեղդուած լացով, հետեւեցան այս անգամ զգեստաւորման արարողութեան, որ արդէն դժուարին գործ էր, նախ մեռելային ծանրութիւնը վերցնելու, եւ երկրորդ՝ արդէն իր ճկունութիւնը կորսնցնել սկսող դին շարժելու իմաստով:
Չիմացայ, թէ այդ պահուն ի՞նչ կը մտածէին անշունչ պառկած մարդուն մասին իր հարազատները: Թերեւս կը վերյիշէին անոր բնաւորութեան որոշ գիծերը, կամ ուղղակի անոր կեանքին առնչուած որոշ դէպքերը կը մտաբերէին, լաւ կամ վատ սովորութիւններուն կ՛անդրադառնային, որովհետեւ անոնցմէ մէկը յանկարծ լացը դադրեցուց եւ ժամկոչին դառնալով, մեղմ ու խղճալի ձայնով հարցուց.
_ Հայրիկս դրա՞խտ պիտի երթայ, թէ դժոխք:
Իմացայ, որ ննջեցեալը անոր հայրն էր: Սակայն, աղջիկը մտահոգ կ՛երեւէր հօրը հանդերձեալ կեանքով: Խոր հաւատացեա՞լ էր, թէ պարզապէս մահէն վախցող՝ չիմացա՛յ: Ննջեցեալն ալ բնաւ չէի ճանչցած, որպէսզի կարենայի կողմնորոշուիլ այդ վայրկեանին: Մեռելաշունչ պահն ալ անյարմար էր ժամկոչին հետ նման նիւթի մասին զրուցելու: Բայց ամէնէն զարմանալին այն էր, որ հարցումը մնաց անպատասխան…: Ժամկոչը, որուն ծանր աշխատանքին ո՛չ մէկ կասկած պէտք է ունենանք, լո՜ւռ շարունակեց իր գործը՝ այն տպաւորութիւնը թողելով իմ վրայ, թէ խլութեամբ կը տառապի, կամ գէթ՝ դէպի հարցումը հարցնող դեռատի կնոջ կողմը նայող ականջը ծանրութիւն ունենալուն՝ լաւ չի՛ լսեր:
Եթէ ճանչցած ըլլայի ննջեցեալը, կամ գաղութէն ներս եկեղեցական ծառայութեան կոչուած ըլլայի, թերեւս հոգեւորականի պարտականութիւն սեպէի մի քանի խօսքով հանդարտեցնել իր հօր անդենական կեանքով այնքան մտահոգ դուստրը հանգուցեալին: Քիչ ետք, սակայն, վերոյիշեալ հարցումին հետեւող լռութեան պահը խզուեցաւ նոյնինքն ժամկոչին կողմէ: Ուրեմն հարցումը լսած էր ան: Ժամկոչը իր աշխատանքը գրեթէ աւարտին հասցուցած, կը կոճկէր հանգուցեալի վայելչաբաճկոնին վարի երկու կոճակները, ու կը պատրաստուէր դոյլին մէջ մնացած ջուրը պարպել պեթոնածածկ յատակին վրայ.
_ Ես մեռելը լոգցուցի: Իմ գործս այսքա՛ն էր, ըրի, վերջացուցի: Ալ թէ ո՞ւր կը տանեն զինք՝ ատկէ գաղափար չունիմ:
«Ես մեռելը լոգցուցի» ըսողները այսօր, եթէ ժամկոչին դժուար գործը ընողները չեն, սակայն իսկապէ՛ս իրենց աշխատանքին ու կարողութիւններուն չափն ու սահմանը իմացող գիտակից մարդիկ են: Ժամկոչին համեստութիւնը օրինակ պէտք է ծառայէ իրենց կարողութենէն վեր ցատկող անմիտներուն, երբեմն մեծ ձգտումներով ընթացող եւ ապա բոկոտն վերադարձող բախտախնդիրներուն, որոնք երբեք ալ իրենց տեղը պիտի չգտնեն ընկերութեան կեանքին մէջ:
Իսկ անտեղի հարցումներ հարցնողները պարզապէս ծիծաղի առարկայ պիտի դառնան, յաճախ զոհ երթալով իրենց միամտութեան: Լոգցուող մեռելին շուրջը եթէ բազմութիւն ըլլար, վստահաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի կասկածէր այդ հարցումը ժամկոչին հարցնող կնոջ մտային առողջութեան վրայ: Ինչո՞ւ խեղճ ու անգրագէտ ժամկոչին հարցնել այդ հարցումը, երբ աղօքթի ճամբով կարելի է զանիկա հարցնել Աստուծոյ…:
«Ես մեռելը լոգցուցի» ըսող ժամկոչը շատ աւելի իմաստուն է, քան այն «Քաջ Նազար»ները, որոնք մեծ-մեծ ջարդելով մեռած անձին դատաստանն ալ կը տեսնեն, զայն դրախտ կամ դժոխք ուղարկելով…: Ծայրայեղութիւնը ամէն պարագայի՝ վնասակար է ու վտանգաւոր: Երբ նուազագոյն ինքնագիտակցութիւնը ունիս, պարզապէս ժամկոչին խոհեմութիւնը որդեգրէ՝ ըսելով.
_Ես մեռելը լոգցուցի, մնացեալը իմ գիտնալիքս չէ՛: