
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիա պատրաստ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով միջնորդական առաքելութիւնը վերսկսելու. այսպէս յայտարարած է Պոլիս այցելող Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Եոհան Շնայտըր Ամման: Այս լուրը հաղորդեց զուիցերիական RTS ձայնասփիւռի կայանը, որ աւելցուց, թէ Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները աշխուժացնելու նպատակով Թուրքիա այցելած նախարարը, ակնարկելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացքին՝ ըսած է. «Մեր ջանքերուն արգելք կը հանդիսանայ Թուրքիոյ պատմութիւնը: 20րդ դարու սկիզբը Թուրքիա ցեղասպանութիւն իրականացուցած է հայերու նկատմամբ: Կը կարծեմ, որ Թուրքիա պէտք է շարունակէ աշխատանք տանիլ այս հարցին շուրջ»:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Պոլսոյ մէջ բացայայտ կերպով «ցեղասպանութիւն» բառին օգտագործումը չէ՞ զայրացուցած իր թուրք գործընկերները՝ նախարարը պատասխանած է. «Չեմ կարծեր, որ հոս զայրոյթի հարց կայ: Այս քաղաքական խնդիրները կը խանգարեն եւս մեր գործարարները: Ուրեմն՝ Թուրքիա պէտք է լուծէ զանոնք»:
Թուրքիա-Զուիցերիա յարաբերութիւնները զգալիօրէն լարուեցան 2003ին, երբ Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհուրդը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 2009ին Զուիցերիան միջնորդական առաքելութեամբ հանդէս եկաւ, հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով, որուն հետեւանքով՝ նոյն տարուան Հոկտեմբեր 10ին, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան հայ-թրքական երկու արձանագրութիւնները:
Հայաստան եւ Թուրքիա ցարդ չեն վաւերացուցած այդ արձանագրութիւնները՝ Թուրքիոյ սահմանած անընդունելի նախապայմաններուն պատճառով: