ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 23 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան յայտնեց, որ պատրաստ է յետս կոչելու իր թեկնածութիւնը՝ յօգուտ Նիկոլ Փաշինեանի։ Ըստ անոր, իւրաքանչիւր ընտրատարածքի մէջ ընդդիմութիւնը պէտք է ունենայ մէկ թեկնածու եւ միւս ուժերը պէտք է սատարեն անոր յաջողութեան։
Երեւանի թիւ 7 ընտրատարածքին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած Րաֆֆի Յովհաննիսեան նախապէս չէ գիտցած, որ նոյն ընտրատարածքին մէջ առաջադրուած է Նիկոլ Փաշինեան։
«Ժառանգութիւն»ը յոյս ունի, որ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ տեղի ունենան եւ 7 Մայիսին ժողովուրդը նոր ու որակաւոր Հայաստանի մէջ արթննայ։