
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները, գործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերու համախմբումին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ Արցախի ներկայացուցչութեան օժանդակութեամբ, Քոնկրեսի շէնքի պատմական «Քենետի» սրահին մէջ, Ապրիլ 25ին պիտի հիւրընկալեն Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը:
Հանդիսավարը պիտի ըլլայ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղարութեան ղեկավար Արտաշէս Քասախեան: Ամերիկահայերը եւ ցեղասպանութեանց դէմ պայքարող գործիչներ հրաւիրուած են միանալու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն եւ ծերակուտականներուն, նշելու համար այս տարելիցը եւ պահանջելու այս ոճիրին արդար հատուցումը:

Նոյն օրը, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան պիտի կատարէ Ծերակոյտի ժողովին բացման աղօթքը: 2010ին, ան կատարած էր Ներկայացուցիչներու տան ժողովին բացման աղօթքը:
Վերջերս Ծերակոյտին ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը պահանջող, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած քրիստոնէական եկեղեցիները եւ անոնց ստացուածքները վերադարձնելու վերաբերեալ բանաձեւեր:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.facebook.com/events/204594996312569/:
