
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պոլսահայ միութեան անդամ եւ նախկին ատենապետ Սիմոն Աճիլաչօղլու «Ասպարէզ»ին կը տեղեկացնէ, թէ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Բեքթորոսօղլու, ընկերակցութեամբ հանրածանօթ դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի, շուտով կը ժամանէ Լոս Անճելըս՝ Պոլսահայ միութեան հրաւէրով ելոյթ ունենալու համար Շաբաթ, 24 Մարտ 2012ի երեկոյեան:
Սոյն ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի լոսանճելըսահայ շարժապատկերի բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի վերջին ժապաւէնը՝ «Պոլիս», որ նկարուած է անցեալ տարի, Պոլսոյ մէջ:

Պոլիս ծնած Սիպիլը իր երաժշտական ասպարէզը սկսած է 1991ին՝ անդամակցելով Ֆերիգիւղի «Վարդանանց» երգչախումբին: Ան աշխատած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժշտական ղեկավարներու հետ, ինչպիսիք են՝ Սեզեն Աքսու, Օրհան Սալիէլ, Անթոնիօ Փիրօլլի, Սերա Թոքայ, Յասմիկ Պապեան եւ այլն:
2005ին Ֆերիգիւղի Հայկական դպրոցին համար կազմակերպուած բարեգործական դրամահաւաքին, որուն նշանաբանն էր՝ «Ձեռք-ձեռքի տուած՝ սիրո՛վ», Սիպիլ իր մասնակցութիւնը բերած է մեներգներով:
2006ին, Փարիզի արուարձան Սեն Տընի քաղաքի «Լա Թանթասիոն տ՛Իսթանպուլ» երաժշտական փառատօնին, «Լը Ժարտեն տ՛Անատոլի» բաժինին մէջ Սիպիլ ներկայացուց հայկական երաժշտութեան մասը:
Իսկ Մարտ 2011ին, Սիպիլ «Իսթանպուլ Սացենտելերի» համերգին հիւր-աստղն էր:
Սիպիլի ընկերակցող դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանը նաեւ ծնած է Պոլիս, 1978ին: 2002ին, արժանանալով յատուկ կրթանպաստի մը՝ Պոլսոյ Պիկլի համալսարանին մէջ Պուրակ հետեւած է իր երաժշտական ուսման, յայտնի թուրք երաժիշտներու հովանիին ներքեւ: