Հայ Օգնութեան Միութեան շրջանային վարչութիւնները սկսած են ընդունիլ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի «Երեմեան» կրթաթոշակի դիմումնագիրները։ Այս կրթաթոշակին կրնան դիմել բոլոր հայ ուսանողները, որոնք աւարտած են արդէն համալսարանական ուսման իրենց առաջին տարին։
ՀՕՄի Երեմեան կրթաթոշակի դիմումնագիրները, դիմումի պայմաններն ու պահանջուած յարակից փաստաթուղթերու ցուցակը կարելի է ստանալ ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչութիւններէն։ Ամբողջացած դիմումնագիրները եւս պարտին ներկայացուիլ ուսանողի բնակութեան վայրի ՀՕՄի շրջանային վարչութիւններուն։
«Տասնամեակներու ընթացքին թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի մէջ հարիւրաւոր երիտասարդներ ՀՕՄի «Երեմեան» կրթաթոշակէն օգտուած են իրենց համալսարանական ուսումը շարունակելու համար», յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սոնա Աքէլեանը աւելցնելով, որ «ՀՕՄի իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւնները ողջմտութիւնը ունեցած են միութեան Կրթական ֆոնտը պահելու անձեռնմխելի եւ միայն անկէ ստացուած հասոյթը տրամադրելու ուսանողներու։ Այդ նոյն ընթացքը կը շարունակէ ներկայ Կեդրոնական վարչութիւնը»։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու, ՀՕՄի տեղական միաւորներու կապի տուեալներուն կամ նուիրատուութեան համար կարելի է այցելել ՀՕՄի կայքէջը՝ www.ars1910.org հասցէով։