
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով գերմանական «Die Welt» թերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Պաքու կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ խաղաղ բանակցութիւնները:
Ըստ ատրպեճանական լրատուական գործակալութեանց, Մամետեարով նաեւ ըսած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները անարդիւնք կը մնան, Ատրպէյճան տակաւին կը յուսայ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ խաղաղ բանակցութիւնները հասցնելու բոլորին համար ընդունելի լուծումի մը: Ան կրկնած է, թէ Ատրպէյճանի տարածքին մէկ մասը կը շարունակէ «բռնագրաւուած» մնալ, հակառակ շրջանէն «հայկական ուժերը հեռացնելու կապակցութեամբ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի վաւերացուցած որոշումներուն»: