ՕՔԼԸՆՏ, Քալիֆորնիա.- Օքլընտի ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղը այս տարի կազմակերպած է դէպի Գանատա եւ Նիակարա ջրվէժ մէկշաբաթեայ շրջապտոյտ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 18-25:
Խումբը, որ ճամբայ պիտի ելլէ Սան Ֆրանսիսքոյէն, պիտի այցելէ Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Քեպեք Սիթի, Օթաուա եւ այլ վայրեր, ու պիտի գիշերէ բարձրորակ պանդոկներու մէջ՝ ապահովուած «Սօնա Թուրզ» ընկերութեան կողմէ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (510) 339-6002, (925) 820-3770 կամ (818) 243-1250 թիւերուն: