
ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի հրեայ սիւնակագիր Ռոնի Մարկուլիս անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Խոջալուի իրադարձութիւններու յիշատակման անուան տակ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցին եւ անոր մասնակցելու Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Շահինի որոշումին:
Մարկուլիս նշած է, թէ ցոյցը որեւէ կապ չունէր Խոջալուի իրադարձութիւններուն դէմ բողոքի հետ, այլ անոր անունը պէտք է ըլլար՝ «Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն չէ եղած եւ ոեւէ հայու՝ նոյնիսկ մատով՝ չեն դպած»:
«Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ թուրք ազգը որեւէ տեղ անմարդկային արարք չէ գործած: Այս խօսքը ի՞նչ կապ ունի Խոջալուի հետ: Ի հա՛րկէ, կապ չունի», գրած է ան՝ աւելցնելով, թէ նախարարը պէտք է պաշտօնազրկուի:
Ան նաեւ գրած է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ սկսած են աւելի հանգստութեամբ խօսիլ ու քննարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով ալ պետութիւնը պիտի ստիպուի ընդունիլ զայն:
«Կը մօտենայ 2015ը եւ մինչ այդ՝ կրնայ ըլլալ որ աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչցած երկիր չմնայ: Իսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այս վիճակին դէմ ի՞նչ կը ջանայ ընել: Յիմար եւ անիմաստ ջանքեր: Յիմար ու անիմաստ, քանի որ անտեղի բաներով կը զբաղին: Ի վերջոյ, Ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնան եւ հայերէն ներողութիւն պիտի խնդրեն», եզրակացուցած է Մարկուլիս: