ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի սահմանադրական Խորհուրդի ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հակասահմանադրական նկատելու որոշումէն բաւարարուած չըլլալով, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յանձնարարած է իր կառավարութիւն մշակել օրինագիծի նոր խմբագրուած տարբերակ մը, զայն դարձեալ ներկայացնելու համար Ֆրանսայի Ծերակոյտին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Հրակ Վարժապետեան, Սահմանադրական Խորհուրդի որոշումը նկատելով »անյարիր«, յայատարարած է, որ ֆարանսահայութիւնը պիտի շարունակէ պայքարը ի խնդիր ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.