ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը Երկուշաբթի, Փետրուար 27ին կը գրէ, որ թուրքերու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը պարզապէս «պատմութեան մութ էջերու» ժխտում մը չէ, այլ՝ իշխանութիւններու բազմամեայ քաղաքականութեան արդիւնք։
«Ուրացումը դրուած է թրքական ինքնութեան հիմքին մէջ եւ ատոր ձեւաւորման անբաժան մասը կը հանդիսանայ», կը գրէ օրաթերթը, որ կ՛աւելցնէ, թէ պատմական յիշողութեան հանդէպ այս մօտեցումը կարելիութիւն կու տայ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման:
«Սակայն ուրացումը միայն Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան հիմքը չէ, այլ ատիկա Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի մէջ թրքական արմատներ ունեցող բազմաթիւ քաղաքացիներու դիրքորոշումն է։ Անոնց նպատակն է՝ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած զոհերու սերունդի ժառանգորդներու իրաւունքներուն ոտնահարումը», կ՛եզրակացնէ ֆրանսական թերթը: