
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Փետրուար 17ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի վարիչ մարմինի ատենապետ Յարութիւն Երկանեանն նոյն մարմինի անդամներ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան: Այս ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին գծով կատարուող աշխատանքներուն: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը եւ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Վեհափառը շեշտեց մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի, միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, Ղարաբաղին զօրավիգ կանգնելու եւ Սփիւռքի երեք կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:
«Որեւէ ժամանակէ աւելի, մեր ժողովուրդը կարիքն ունի ներքին միասնականութեան ամրապնդման՝ դիմագրաւելու համար հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը լռեցնելու ձգտող Թուրքիոյ հետեւողական ճիգերը՝ միջազգային շրջանակներէ ներս», շեշտեց վեհափառը: Այս ուղղութեամբ, վեհափառը Հայաստանի պետութեան դերը նկատեց առանցքային:
Սուրիոյ հայութեան գծով, վեհափառը շեշտեց ներքին միասնականութիւնը ամրացնելու, կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու եւ կացութեան հոլովոյթին մօտէն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: