
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վարդանանց տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ ներկայ ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած պատերազմը սովորական իմաստով պատերազմ մը չէր. ան հայութեան խորունկ հաւատքին, ամուր վճռակամութեան եւ անքակտելի միասնականութեան վաւերական արտայայտութիւնն էր: Վարդանանց պատերազմը հայութեան հաւաքական «ո»չն էր՝ քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդի կեանքէն հեռացնել, ազատութիւնը հայ ժողովուրդէն խլել ու Հայաստանի անկախութիւնը խորտակել փորձող Սասանեան կայսրութեան դէմ: Վարդանանց պատերազմին մասին խօսելով յաճախ սովոր ենք ըսելու, թէ Վարդանանք ֆիզիքապէս պարտուեցան, բայց բարոյապէս յաղթեցին: Ես ճիշդ չեմ տեսներ այս մեկնաբանութիւնը, որովհետեւ ան չի համապատասխաներ պատմական իրողութեան: Թշնամին ուզեց քրիստոնէական հաւատքը քանդել հայ կեանքէն ներս, սակայն քրիստոնէական հաւատքը մնաց եւ աւելի ամրացաւ: Թշնամին ուզեց Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն, սակայն Հայաստանը մնաց պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց: Հաւատքի ու հայրենիքի յաւերժութեան համար կռուեցան ու նահատակուեցան Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք»:
Ապա վեհափառը աւելցուց. «Երբ աշակերտ էինք, մեր ուսուցիչները յաճախ կը յիշեցնէին մեզի, թէ Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի այսօր եւս: Բնականաբար չէինք հասկնար մեր փոքր տարիքին այս յիշեցումին իմաստը: Այսօր, երբ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ պատասխանատուութեան կոչուած ենք, երբ մօտէն ծանօթ ենք մեր ժողովուրդի կեանքին, կը հաստատենք մեր ուսուցիչներուն ըսածը: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի 1561 տարիներէ ի վեր եւ աւելի՛ ահեղ կերպով: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի՝ երբ Ղարաբաղի լեռներուն վրայ մեր քաջ զինուորները կը պաշտպանեն Ղարաբաղի անկախութիւնը: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի՝ երբ հայ եկեղեցին կը պայքարի աղանդաւորական շարժումներուն դէմ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, ի խնդիր մեր քրիստոնէական հաւատքի առողջ պահպանման: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի՝ երբ մեր եկեղեցին ու մեր կառոյցները կը պայքարին խառն ամուսնութիւններու եւ հայ կեանքէն ներս օտար դպրոցին՝ հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան դէմ: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի՝ երբ հայրենի մեր պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր բոլոր կառոյցները ու ժողովուրդի զաւակները կը մնան ամրօրէն կառչած մեր պահանջատիրութեան՝ դէմ կանգնելով ցեղասպան թուրքի ժխտողական քաղաքականութեան եւ հայութեան ձայնը լռեցնելու ձգտող ճիգերուն»:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ վերանորոգ հաւատքով մասնակից դառնալու նոր օրերու «Վարդանանց պատերազմ»ին:
Ս. պատարագը մատուցուեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի կողմէ: Իր քարոզին մէջ սրբազանը շեշտեց Վարդանանց ունեցած ամուր հաւատքը, որուն պաշտպանութեան համար անոնք ուղղուեցան Աւարայր ու իրենց արիւնը թափեցին:
Վեհափառի պատգամէն ետք, Դպրեվանքի սաներուն գլխաւորութեամբ, ներկաները միասնաբար երգեցին Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նուիրուած հոգեւոր ու ազգային երգեր: