ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ, Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ կը շարունակէ հրապարակային ելոյթներով ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Պաղըշ Պոլսոյ դպրոցներէն մէկուն մէջ խօսք ուղղեց աշակերտութեան, ու զանազան հարցերու կարգին՝ անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու Ֆրանսայի օրինագիծին: Ան ըսաւ. «Ես Զուիցերիոյ մէջ ըսի, որ ցեղասպանութիւն չէ պատահած։ Ֆրանսայի մէջ ալ կ՛ըսեմ։ Կը բաւէ, որ իմ ետին կանգնած ըլլայ այսպիսի ուժեղ վարչապետ մը»։
Պաղըշ Զուիցերիոյ դատական իշխանութիւններուն կողմէ բացուած հետաքննութեան մը թիրախը դարձաւ՝ Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար: «Ո՛ւր ալ երթամ, նոյնը կ՛ըսեմ ու պիտի ըսեմ։ Ես իմ գացած երկրի պայմաններուն համաձայն խօսող մէկը չեմ. ես գետնառիւծ չեմ», աւելցուց ան: