ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ժամ».- Փետրուար 6ին Մոսկուայի մէջ Վլատիմիր Փութինի նախընտրական ժամանակաւոր յանձնախումբի ղեկավար Ստանիսլաւ Գովորուխինի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին՝ Հասարակական կազմակերպութիւններու հայ-ռուսական միութեան ներկայացուցիչները ՀԿՀՌՄ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին փոխանցած են, որ Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններուն կ՛աջակցին ներկայ վարչապետ Վլատիմիր Փութինին։
Փետրուար 13ին Գագիկ Ծառուկեան միօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Մոսկուա, ուր տեղի ունեցած է իրեն պատկանող «Քրեմլին աուարտ» օղիի պաշտօնական շնորհահանդէսը: Ամիսներ այս քոնեաքը դարձած էր Քրեմլինի պաշտօնական խմիչքը, իսկ այժմ նաեւ՝ օղին:
Ծառուկեան Մոսկուայի մէջ նաեւ ունեցած է քանի մը կարեւոր հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի մէջ կայանալիք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ռուսական կողմին՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ցուցաբերուելիք աջակցութեան տարբերակները: Միւս կողմէ, Վլատիմիր Փութինի նախընտրական ժամանակաւոր յանձնախումբը առաջադրած է ազատ ու արդար ընտրութիւններով յաղթելու անհրաժեշտութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատած է համակարգել Ռուսիոյ մէջ հայկական համայնքներու եւ անոնց ղեկավարներուն հետ աշխատանքը։