ՍԻՏՆԻ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ուոլթ Սեքորտ այս տարուան Նոր Հարաւային Կալեսի խորհրդարանի առաջին նիստին ընթացքին դատապարտած է Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար ուրանալուն համար:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Սեքորտ նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումն այլեւս անընդունելի է: «Պարզապէս զզուելի է, որ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը: Ժամանակն է, որ Անգարան յստակ կերպով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսած է Սեքորտ, որ հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի փոխնախագահն է:
«Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան շրջագայութիւն» խորագիրով իր ուղերձին մէջ, Սեքորտ նաեւ յիշած ու քննարկած է վերջերս Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ կատարած այցելութիւնը եւ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծման բացակայութեան մասին: «Ցաւով կը յայտնեմ, որ մեզմէ շատ քիչերը գիտեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ այդ նոյն պատմութեան ժխտման մասին», ընդգծած է ան: Օրէնսդիր մարմինի անդամը շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն վերջերս կատարած իր այցելութեան աջակցելուն համար, եւ խոստացած է շարունակել նեցուկ կանգնիլ կազմակերպութեան գործունէութեան:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վարանդ Մկրտիչեան երախտիքի խօսք յղած է Սեքորտին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կրկին ջուրի երես հանելուն համար: «Ժխտումը գիտնականները կը համարեն ցեղասպանութեան եզրափակիչ փուլը, իսկ յաջորդ ցեղասպանութեան՝ առաջին փուլը», եզրափակած է ան: