
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարելի չէ լուծել ռազմական ճանապարհով:
Ըստ ատրպեճանական «Էյ.Էն.Էս.» լրատուական գործակալութեան՝ Ֆասիէ ընդգծած է պատերազմի բացասական հետեւանքները եւ հաւանաբար՝ հազարաւոր զոհերու պարագան: Ան նշած է, որ պատերազմը ամենեւին դիւրին պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի համար: «Պատերազմի վերսկսելու պարագային, չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞ր կողմը յաղթական դուրս պիտի գայ, սակայն շատ յստակ է, թէ անիկա ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ թէ՛ յաղթած եւ թէ ալ պարտուած կողմին համար: Պատերազմը անթոյլատրելի է», ըսած է ան: