Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեր մարմինը ունի երկու մակերիկամներ (adrenal glands), որոնք պզտիկ գեղձեր են եւ կը գտնուին երիկամներու վերի բաժինին վրայ: Անոնք կ՛արտադրեն զանազան տեսակի կենսաբանական (biological) կարգաւորիչներ-ներազդակներ (hormones), որոնք բնախօսականօրէն (physiologically) կառնչուին մարմինի զանազան համակարգերու աշխատանքներու կանոնաւորման: Այս ներազդակները կենսական դերակատարութիւն ունին մեր մարմինի զանազան օրկաններու ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած

աշխատանքին ու մանաւանդ՝ մարմինի համապարբակ առողջութեան մէջ:
Իւրաքանչիւր մակերիկամ կազմուած է երկու բաժիններէ.
Ա. Մակերեսային շերտ (cortex)
Բ. Միջուկային շերտ (medulla)
Ա. Մակերեսային շերտին մէջ կարտադրուին corticosteroids մակերիկամային ներազդակները, որոնք կը յառաջանան մակերիկամին մէջ գտնուող cholesterole-էն: Corticosteroid ներազդակները հետեւեալներն են.
ա. Մակերիկամի շաքարային ներազդակները (glucocorticoids), որոնցմէ է cortisol-ը: Այս ներազդակները ունին հետեւեալ պարտականութիւնները.
1. Հակազդեցութիւն զանազան տեսակի ճնշուածութեան դէմ, օրինակ՝ յոգնածութիւն, հարուած-վնաս (trauma), վիրաբուժական գործողութիւն եւ հոգեկան-զգացական վերիվայրումներ.
2. Զօրակցութիւն դիմադրողական համակարգին (immune system), որուն միջոցաւ կը յառաջանայ հակագերզգայնութեան ազդեցութիւնը, բորբոքումներու դէմ հակազդեցութիւնն ու պաշտպանութիւն.
3. Ներգործութիւն անհատին զգացական փոփոխութիւններուն հետ.
4. Ներգործութիւն մարմինի շաքարի, բնասպիտի (protein) եւ ճարպի նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացին հետ:
բ. Մակերիկամի մետաղային ներազդակները (mineralocorticoids), որոնցմէ է aldosterone-ը: Այս ներազդակներու պարտականութիւնն է ներգործութիւն մարմինի ջուրի, նատրիւմի (Na, sodium) եւ կալլիումի (K, potaseum) մակարդակին առումով:
գ. Մակերիկամի արական (androgen) ներազդակներ, որոնցմէ է testosterone ներազդակը: Տղոց մօտ այս ներազդակներուն արտադրութիւնը շատ քիչ է՝ բաղդատաբար ամորձիներուն մէջ արտադրուածին: Տղոց մօտ անոնց գերարտադրութիւնը կը յառաջացնէ կանխահաս արբունք: Իսկ աղջիկներուն մօտ մակերիկամը կը նկատուի այս ներազդակներու արտադրութեան ամէնէն կարեւոր կեդրոնը: Կանանց մօտ այս ներազդակներու գերարտադրութիւնը կը յառաջացնէ արական յատկութիւններ եւ դաշտանի դանդաղում կամ՝ դաշտանադադար:
Բ. Միջուկային շերտին մէջ կ՛արտադրուին երկու ներազդակներ.
ա. Epinephrine-adrenaline
բ. Norepinephrine-noradrenaline
ա. Epinephrine-ի բնախօսական ազդեցութիւններն են՝
1. Սրտանօթային համակարգի աշխատանքի եւ սրտի պրկուածութեան աշխուժացում եւ բարելաւում.
2. Զարկերակային ճնշումի բարձրացում.
3. Զարկերակներու կծկում եւ նեղացում.
4. Թոքերու ցնցուղներու (bronchi) թուլացում եւ ընդլայնում.
5. Մարմինի նիւթափոխանակումի գործընթացի արագացում.
6. Արեան շաքարի բարձրացում:
բ. Norepinephrine-ի բնախօսական կարեւոր ազդեցութիւններն են՝
1. Մարմինի Ինքնավար ջղային համակարգին (sympathetic nervous system) վրայ հսկում.
2. Սրտանօթային համակարգի աշխատանքներու բարելաւում, սակայն՝ քիչ տարողութեամբ.
3. Զարկերակներու ուժգին կծկում եւ նեղացում:
Բնական պայմաններու մէջ մակերիկամը կ՛արտադրէ օրական որոշ քանակութեամբ cortisole, aldosterone եւ adrenaline: Զանազան տեսակի ճնշումներու գոյութեան պարագային, այս ներազդակներու արտադութիւնը կը ծաւալի:
Հետեւեալ ճնշումները կարեւոր ազդակներ են այս ներազդակներու առատ արտադրութեան.
1. Մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ եւ վարակներ.
2. Մարմնական ֆիզիքական հարուած-վնաս.
3. Վիրաբուժական գործողութիւն-վիրահատում.
4. Զգացական եւ հոգեբանական վերիվայրումներ:
Ճնշիչ կացութիւններու անհետացումով, վերոյիշեալ ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի եւ կը դառնայ բնական կացութիւն:
Մակերիկամի ներազդակներու արտադրութիւնը ենթակայ է մակուղեղի (pituitary gland) ACTH ներազդակի ներգործութեան: Այսինքն, երբ մակերիկամի ներազդակներու քանակը նուազում արձանագրէ մարմինին մէջ, մակուղեղը կ՛արտադրէ ACTH ներազդակը: Այս մէկը կը հրահանգէ մակերիկամին, որ արտադրէ իր ներազդակները մարմինի պահանջքին համեմատ:
Մակուղեղի ACTH ներազդակը եւ մակերիկամի ներազդակները առատօրէն կ՛արտադրուին նաեւ, երբ մարմինը ենթակայ ըլլայ զանազան տեսակի ճնշումներու:
Aldosterone-ի բնականէն աւելի արտադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած արեան նատրիւմի նուազումով եւ կալիումի բարձրացումով: Արտադրուած առատ aldosterone-ը շուտով կը հաւասարակշռէ արեան նատրիումի եւ կալիումի քանակաչափի խախտումը:
Մակերիկամը ինքնին կը յայտնուի հիւանդագին զանազան երեւոյթներով եւ գործունէութեանց խախտումներով:
Մակերիկամի հիւանդութիւնները հիմնականօրէն կը յայտնուին երկու տեսակ անբնական գործունէութեամբ.
Ա. Մակերիկամի ենթագործունէութիւն (hypofunction), այլ խօսքով՝ դանդաղ աշխատանք.
Բ. Մակերիկամի գերգործունէութիւն (hyperfunction), այլ խօսքով՝ արագ աշխատանք.
Ա. Մակերիկամի ենթագործունէութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.
ա. Նոյնինքն մակերիկամի դանդաղ աշխատանքով.
բ. Մակուղեղի դանդաղ գործունէութեամբ.
Մակերիկամի ենթագործունէութիւնը հետեւանքն է մակերիկամի բջիջային տկարացումին: Այս անբնական գործունէութեամբ, մակերիկամային ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի եւ կը յառաջանայ Addisons disease կոչուած հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով.
1. Արեան զարկերակային ճնշումի նուազում.
2. Մարմինի բնասպիտիի, ճարպի եւ շաքարի նիւթափոխանակումի խանգարում.
3. Արեան շաքարի նուազում, cortisole-ի նուազում եւ ACTH-ի բարձրացում.
4. Մորթի գերգունաւորում.
5. Սրտանօթային խանգարումներ՝ սրտի մկանային տկարութիւն եւ աշխատանքի դանդաղանք.
6. Արեան նատրիումի նուազում եւ կալլիումի բարձրացում.
7. Մարմինի ջրանուազում (dehydration).
8. Մէզի, քրտինքի եւ լորձունքի մէջ նատրիումի քանակական բարձրացում եւ կալլիումի նուազում.
9. Մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, ախորժակի պակաս եւ նիհարութիւն:
Մակուղեղի դանդաղ գործունէութեան պարագային, մակուղեղի ACTH ներազդակի եւ մակերիկամի ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի ու կը յառաջանան համապատասխան հիւանդագին երեւոյթներ:
(Վերջը յաջորդով)
Կանանց մօտ , Մակերիկամի շերտի արական (androgen) ներազդակների գերարտադրութիւնը ինչպես բուժէլ ???? որոնքեն միջոցները ???
naxoroq shnorhakalutyun patasxani hamar !
Barev dzez
Ete kareli e mi harc , xndrum em
Es unem voxnashari vhoxvavk, indz netarkel en epidural taracutyan vra depo medrol hormone 1amsva mej 5 angam amen 7,8 ore 1angam , verjine stacel em 6 Martin , dranic heto iharke vhoxavcke chbujvec , Bayc es skseci orecor urel , Bayc voch chaxanal , kani vor kashs nuynn e mnacel , indz mot aryan analizi cuyc tvec , vor cortizols ijel er dardzel 7,71 , heto 2 shabat heto dardzav 54,45, (aravotyan 8:30 ) analiznetov , hima der urax em , mizamuxner em ogtagorcel 10 or , Bayc voch i popoxutyun , uzum ei haskanal ays depkum inch vor mijamtuyun kareli e aardhommel anel es vochakic aarag durs berel organizms , indz asecin vor makerikamnetis funktyan e xaxtvel gjvece?
;