ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, երկրի բնաչկութեան թիւը վերջին մէկ տարուան ընթացքին աւելցած է մէկ միլիոնով եւ հասած 74,724,000ի: Յատկանշական է, որ այս թիւին կէսէն աւելին 30 տարեկանէն փոքր է։
Նաեւ, այրերու եւ կիներու թիւերը գրեթէ հաւասար են։ Այրերուն թիւին համեմատութիւնը 50.2 առ հարիւր է, իսկ կիներունը՝ 49.8 առ հարիւր։ Թուրքիոյ բնակչութեան 18 առ հարիւրը (13.5 միլիոնը) կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ, որուն կը յաջորդեն Անգարան, Իզմիրը, Պուրսան եւ Ատանան։ Թուրքիոյ նուազագոյն բնակչութիւնը ունեցող քաղաքը Բաբերդն է։ Պոլսոյ մէջ մէկ քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան վրայ կ՛ապրի միջին հաշուով 2622 հոգի։