ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխանները առաջարկած են իրենց երկիրը Հիւսիսային Ատրպէյճան վերանուանել։ Երեսփոխան Սիյավուշ Նովրուզով յայտնած է. «Համաշխարհային փորձառութեան մէջ գոյութիւն ունին Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Կիպրոս։ Աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար, Ատրպէյճանը՝ իբրեւ մասնատման ենթակայ պետութիւն, անուանել Հիւսիսային Ատրպէյճան»։
Այլ երեսփոխան մը՝ Հուտրաթ Հասանղուլիեւ, նշած է, թէ պատմական Ատրպէյճանի երեք քառորդը կը պատկանի Հարաւային Ատրպէյճանին, իսկ մէկ քառորդը՝ Ատրպէյճանի հանրապետութեան։ «Այդ պատճառով պէտք է փոխել մեր երկիրին անունը՝ զայն դարձնելով Հիւսիսային Ատրպէյճան», ըսած է ան։