
ՄԻՒՆԻԽ.- Միւնիխի Անվտանգութեան հարցերով 48րդ համաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 4 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցին՝ Հիլըրի Քլինթընի հետ, եւ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները:
Ըստ նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան, Նալբանդեան կարեւորած է Միացեալ Նահանգներուն դերակատարութիւնը՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, եւ իր ամերիկացի գործընկերոջ ներկայացուցած է 23 Յունուարին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման արդիւնքները:
Քլինթըն վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այն մասին, որ հիմնախնդիրի կարգաւորումը պէտք է կատարուի խաղաղ միջոցներով, եւ նշած է, որ ԱՄՆ, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, պիտի շարունակէ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել՝ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերման եւ հիմնախնդիրի հանգուցալուծման համար:
Նալբանդեան եւ Քլինթըն անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ գոհունակութիւն յայտնած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած են բարձր մակարդակի բարեկամական գործընկերային կապեր:
Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ շարունակելու գործօն քայլերը՝ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ:
Անդրադառնալով այս տարի նշուող երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու քսանամեակին՝ Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է. «Այս յոբելեանական տարում կարելի է արձանագրել՝ համատեղ ջանքերով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ գործընկերութիւնը գտնւում է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնների պատմութեան մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ»:
Հանդիպումի օրակարգին վրայ եղած են տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութեան, տնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր, Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու դրական ընթացքը, այս տարի կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները, նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: