
Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2012ին, շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու շրջանային յանձնախումբերու անդամ-անդամուհիները համախմբուած էին ՀՄԸՄի կեդրոնի «Գէորգ Անտոնեան» սրահը՝ Նոր Տարին դիմաւորելու եւ բարեմաղթանքներ փոխանցելու յառաջիկայ տարեշրջանին համար:
Օրուան անակնկալը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. վարչութեան ատենապետ Օշին Փիրումեանի ներկայութիւնն էր, որ յատուկ առաքելութեամբ ներկայացած էր ձեռնարկին:
Երեկոյի հրաւէրը շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած ըլլալով՝ ներկաները ողջունեց եւ ամանորեայ շնորհաւորանքներ փոխանցեց ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանը, եւ ապա հրաւիրեց Օշին Փիրումեանը՝ ներկայացնելու օրուան անակնկալը:
Օ. Փիրումեան բացատրելով իր ներկայութեան դրդապատճառը՝ յայտնեց, թէ հայրենի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. վարչութիւնը, ՀՄԸՄ Երեւանի մասնաճիւղի հիմնադիր, հայրենի առաջին Կեդր. վարչութեան անդամ, զոհուած ազատամարտիկ Վարդան Բախշեանի նահատակութեան 20ամեակին առիթով, նախաձեռնած է անոր յիշատակը անմահացնող յուշամետալի մը հրապարակման, եւ ամէն տարի համապատասխան հաստատագիրով զայն պարգեւելու անհատի մը, որ կը նպաստէ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վերելքին:
Ապա, եղբայրը ներկայացուց նահատակ Վարդան Բախշեանի կենսագրականը՝ ընդգծելով անոր ազգային նկարագիրը, որ հաւատալով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին՝ մղած էր զինք մասնակցելու ղարաբաղեան շարժումին, եւ նահատակուած էր անոր ազատագրական մարտերուն ընթացքին:
Այնուհետեւ ան յայտարարեց, թէ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. վարչութիւնը առաջին յուշամետալը պիտի յանձնէ Մարօ Քէշիշեանին՝ «ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿում ունեցած ներդրումների եւ Հայաստանում ՀՄԸՄի վերահիմնադրման գործում անփոխարինելի աւանդ ունենալուն համար»:
Իսկ կեդրոնանալով յուշամետալին առաջինը Շրջ. խմբապետուհի Մարօ Քէշիշեանին յանձնելու որոշումին վրայ՝ Օ. Փիրումեան ընդգծեց յատկապէս 90ականներու դժուարին տարիներուն, ՀՄԸՄը հայրենիքի մէջ վերակազմելու աշխատանքներուն մէջ քոյր Մարոյի բերած օգտակար ներդրումը եւ մէջբերեց այդ ուղղութեամբ նահատակ Վարդան Բախշեանի կատարած հաստատումը 1991ին, Յունաստանի մէջ գումարուած ՀՄԸՄի 5րդ Ընդհ. ժողովին: Նահատակ եղբայրը ըսած էր. «Մեզ համար անկիւնադարձային նշանակութիւն ստացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան խմբապետուհի քոյր Մարօ Քէշիշեանի առաքելութիւնը հայրենիքում, որը հիմնականում կայացաւ հետեւեալ գործունէութիւններով, նոր մասնաճիւղերի հիմնումով…»:
Պարգեւատրումի արարողութենէն ետք, սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Մարօ Քէշիշեան, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնական վարչութիւնը, Վարդան Բախշեանի յիշատակը անմահացնող յուշամետալի ստեղծման ուրախ առիթով: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց առաջին պարգեւատրեալը ըլլալուն համար՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ արժանաւոր քոյր-եղբայրներ եւս, որոնք նոյն գնահատանքին արժանի են, եւ աւելցուց. «Գնահատանքը կ՛արժեւորուի, երբ կարեւոր աշխատանք մը ստեղծուելէ ետք՝ կ՛արդիւնաւորուի եւ կը յարատեւէ: Ուրախ եմ, որ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը վերելքի մէջ է, որուն առաջին քայլերուն մասնակից դարձայ: Մաղթանքս է, որ երիտասարդական այս կազմակերպութիւնը առաւել յառաջդիմէ եւ ընդարձակելով իր հորիզոնները՝ հայրենի երիտասարդութիւնը ընդգրկէ իր շարքերուն մէջ»:
Շնորհաւորական երկարաշունչ ծափողջոյններով Մարօ Քէշիշեանի պարգեւատրումը ընկալելէ ետք, երեկոն զուարթ մթնոլորտով շարունակուեցաւ: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ Փիեռ Մանուկեան, որ իր հերթին եւս ամանորեայ բարեմաղթանքներ փոխանցելէ ետք, հրաւիրեց մասնաճիւղերու եւ Շրջ. յանձնախումբերու ատենապետները՝ իրենց սրտի խօսքերը փոխանցելու:
Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ անձնապէս շնորհաւորելէ ետք օրուան պարգեւատրեալը, փոխանցեցին իրենց ամանորեայ բարեմաղթանքները եւ խոստացան առաւել հաստատակամութեամբ կատարել ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն ներս իրենց վստահուած պարտականութիւնները, որպէսզի կարենան առողջ սերունդներ դաստիարակելով՝ նպաստել ՀՄԸՄի վերելքին:
Բարեմաղթանքներ փոխանցեց նաեւ «Գէորգ Անտոնեան» սրահի բարերար տիկ. Ալիս Անտոնեանը, որ սրահի անուանակոչման առթիւ իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք, յոյս յայտնեց, թէ անիկա միշտ օգտակար գործունէութիւններու համար զբաղ մնայ, յանուն ՀՄԸՄի առաքելութեան իրականացման:
Այնուհետեւ, հայկական զուարթ երաժշտութեան ունկնդրումով խրախճանքը շարունակուեցաւ: Նորընտիր վարչութիւնները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ համագործակցութեան հաւատք ներշնչելու իրարու:
Խրախճանքը վերջ գտաւ ուշ գիշերին: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին նորանոր նուաճումներ ապահովելու հաստատակամութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՄԸՄի
Շրջ. ՎարչութեանԳրասենեակէն)