Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցի ոգեկոչման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինը այսու կը յայտարարէ խորհրդանիշի (logo) պատրաստման մրցոյթ: Կը հրաւիրենք մեր գաղութի բոլոր արուեստագէտ նկարիչները, գծագրող/ձեւաւորողները (designers) եւ հայկական վարժարաններու 10-12 դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն այս մրցոյթին:
Հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Ապրիլ 24ը, մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն լոկ ոգեկոչումն ու կորուստը չէ որ կը յիշեցնէ մեզի, այլ միաժամանակ կը հրաւիրէ մեզ միասնական ոգիով, միասնական ուժերով պահանջատիրական պայքարը աննահանջ շարունակելու, մինչեւ որ ցեղասպան Թուրքիան ճանչնայ, ընդունի պատասխանատւութիւնը իր գործած ահաւոր ոճիրին, զղջայ եւ հատուցանէ հայ ժողովուրդը:
Վստահ ենք, որ մեր շնորհալի, օժտեալ արուեստագէտներն ու աշակերտ-աշակերտուհիները, խորապէս գիտակցելով թեմային պարտադրած մարտահրաւէրներուն, ապրումով եւ ներշնչումով պիտի լծուին աշխատանքի, ստեղծագործելու համար Ապրիլեան ոգին, իմաստն ու նպատակը մարմնաւորող լաւագոյն խորհրդանիշը:
Ժամկէտն է՝ Մարտ 15ը: Առաքման հասցէն՝
United Armenian Council, P.O.Box 39879, Los Angeles, CA 90039
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ