
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Պզուկը (acne) մորթի մազապարկերու (hair follicles) եւ ճարպագեղձերու բորբոքումի հետեւանքով՝ մորթի մակերեսին վրայ յառաջացած փշտիկաւոր հիւանդութիւն է:
Ան կը յայտնուի գլխու եւ երեսի վրայ, յատկապէս՝ ճակատի, այտերու, շրթունքի, կզակի եւ վիզի վրայ:
Պզուկը կը պատահի պատանիներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան:
Սակայն անիկա առաւելաբար տեսնուած երեւոյթ է պատանիներուն մօտ, արբունքի շրջանին:
Պզուկը կը յայտնուի զանազան ձեւերով.
1. Պարզ կարմրագոյն փշտիկներ (papule)
2. Թարախափշտիկներ (pustules) եւ կայծորիկներ (furuncles)
3. Մազով լեցուն թարախափշտիկներ (comedon)
4. Պարկային փշտիկներ (cystic)
5. Հանգոյց-կծիկներ (nodule):
Պզուկի ախտապատճառներն են՝
Ա. Հիմնական
ախտապատճառներ
1. Ներազդակային (hormonal) խանգարումներ, որոնք տեղի կ՛ունենան՝
– Արբունքի շրջանին
– Յղութեան 9 ամիսներու ընթացքին
– Դաշտանամիջոցին (menstrual cycle)
– Դաշտանադադարին (menopause):
Վերոյիշեալ չորս պարագաներուն ալ տեղի կ՛ունենան մնայուն կամ ժամանակաւոր ներազդակային խանգարումներ եւ փոփոխութիւններ: Այս ներազդակները կը գրգռեն մորթի ճարպային գեղձերը, որոնք բնականէն աւելի ճարպ արտադրելով՝ պատճառ կը դառնան պզուկի յայտնութեան:
2. Գերքրտնութիւն եւ մորթի խոնաւութիւն, որ կը պատահի մանաւանդ ամրան եղանակին:
Բ. Երկրորդական
ախտապատճառներ
1. Մորթի մաքրութեան համար գոր- ծածուած որոշ օծաններ (ointments).
2. Դէմքի անբաւարար մաքրութիւն.
3. Տուրմի չափազանց սպառում.
4. Սեռային կեանքի աշխուժութիւն.
5. Ճարպակալում-գիրութիւն:
Պզուկը կրնայ ըլլալ՝
1. Մեղմ կամ ուժգին,
2. Փոքր տարողութեամբ կամ տարածուն՝ ամբողջ դէմքին եւ գլխուն վրայ,
3. Անցողակի կամ մնայուն:
Պատանեկան տարիքին պատահած պզուկի փշտիկները ընդհանրապէս կը բարելաւուին եւ կ՛անհետանան մինչեւ 20 տարեկան: Քիչ պարագաներու եւ մանաւանդ կիներու մօտ, պզուկը կը դառնայ մնայուն երեւոյթ մինչեւ 40 տարեկան:
Պզուկը կրնայ յառաջացնել կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Գլխու եւ դէմքի մորթի երկրորդական բորբոքում, որ կը յառաջանայ, երբ պզկոտ պատանին շարունակ կը խաղայ իր փշտիկներով, կամ կը քերէ զանոնք:
2. Թարախափշտիկներու մնայուն սպիացում.
3. Ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն եւ զգացական ու հոգեբանական զանազան խանգարումներ պզկոտ պատանիներուն մօտ, արբունքի շրջանին:
Պզուկի դարմանումը կը կայանայ որոշ միջոցառումներով.
1. Ճարպի արտադրութեան նուազում՝ դեղերու գործածութեամբ.
2. Հակամանրէական դեղերու գործածութիւն.
3. Գլխու եւ դէմքի մորթի յարատեւ մաքրութիւն՝ յատուկ օճառներով, օծաններով եւ լոգանքով:
BAREV ZEZ BJISHK IM ANUN2 ARMANA IM MOT KAN PZUKNER VORONC HETEVANQOV MASHKIS VRA MNUMA HETQER PATANEKAN PZUKNERA MASHKS NAYEV YUXOTVUMA ES 21 TAREKAN EM XNDRUM EM ASEQ INCH ANEM VOR ANCNI IM HAMAR@ (+374)98.36.52.63 +374 55.70.87.12