
ՔԻԵՒ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ ուժանիւթի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մորնինկսթար, Ուքրանիոյ մէջ Հինգշաբթի, Յունուար 19ին տեղի ունեցած «Բնական կազ եւ Ուքրանիոյ ապագան» խորհդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, թէ «Նապուքօ» կազատարի կառուցման նախագիծի իրականացումը սկսած է աւելիով դժուարանալու։
««Նապուքօ»ի կառուցման հարցը տարիներէ ի վեր կը քննարկուի, սակայն միայն վերջերս հասկնալի դարձաւ, որ թէ՛ ելեւմտական, թէ՛ ժամանակային առումով՝ ատոր իրականացումը աւելի կը բարդանայ», ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։
Ըստ Մորնինկսթարի, նման լայնածաւալ կազատարի մը կառուցումը կը պահանջէ յատկանշականօրէն երկար ժամանակ, որուն ընթացքին կրնան ի յայտ գալ ատոր իրականացման հետ կապուած շարք մը խնդիրներ։
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պէտք է կեդրոնանայ «Հարաւային հոսք» նախագիծին վրայ, որ կը վայելէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը եւ որուն նպատակն է Սեւ ծովու յատակէն անցնող կազատարով ռուսական եւ միջինասիական կազը մատակարարել դէպի Եւրոպա:
Մորնինկսթար անցեալ տարուան Նոյեմբերի կէսերուն Պաքու այցելութեան ընթացքին վստահեցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ աջակցիլ «Նապուքօ» կազատարի նախագիծին։ «Եթէ նախագիծը իրականացուի եւ ամերիկեան ընկերութիւնները անոր մէջ մասնակցութիւն ունենան, ապա անոր կառուցումը կրնայ իրականանալ Միացեալ Նահանգներու «Էքսիմպանք»ի վարկերով», ըսած էր ան։
Միւս կողմէ՝ գերմանական «RWI» ուժանիւթի ընկերութեան տնօրէն Եուրկըն Կրոսման, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ ընկերութիւնը կրնայ հրաժարիլ «Նապուքօ»ի նախագիծէն։
Գերմանական նշեալ ընկերութիւնը «Նապուքօ»ի մեծ բաժնետէրերէն է։ Անոր կը պատկանի նախագիծի բաժնետոմսերուն 16.67 առ հարիւրը։
«Մենք պատրաստ ենք որեւէ համագործակցութեան, որ կարելիութիւն կու տայ իրագործելու մեր նպատակները, որոնք են՝ առաւել շահաւէտ միջոցով կասպիական կամ հիւսիսարաբական կազը Եւրոպա հասցնել», ըսած է ան:
Կը նախատեսուի, որ «Նապուքօ» կազատարի ծրագիրը արժէ մօտաւորապէս 7 միլիառ եուրօ: