
ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- ՀՕՄի Սանթա Մոնիքայի «Կարս» մասնաճիւղի Կաղանդի ճաշկերոյթը տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, աւելի քան 150 հոգիի մասնակցութեամբ:
Տօնական զուարթ պահեր ստեղծած հաւաքոյթի հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Երեւանի թիւ 8 վարժարանի այն աշակերտներուն, որոնք խօսելու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: