Յ. Շ.
Նոյեմբեր 5ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Ոսկեգործներու Ընկերակցութեան (AJA) ճաշը, որ վայելեց հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը՝ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Փարիզի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի:

Այս երեկոյթը նորութիւն հանդիսացաւ այն իմաստով, որ առաջին անգամ ըլլալով ան բաց էր բոլորին առջեւ՝ այսինքն կրնային մասնակցիլ ոչ-հայ ոսկեգործներ եւ հայ համայնքէն դուրս՝ ասպարէզին առնչուող անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկը իսկական յաջողութիւն արձանագրեց: Ներկայ էին աւելի քան 200 հոգի: Անոնց մէջ այս առթիւ յատկապէս Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆէն եւ Գանատայէն եկածներ կային:
15ամեայ իր գոյութեան ընթացքին ինչ որ լաւագոյնս յաջողած է Ընկերակցութիւնը՝ իր ցանցերու ծաւալումն է աշխարհի չորս ծայրերը, զանազան միջոցառումներու՝ բանախօսութիւններու, սալոններու, երեկոյթներու շնորհիւ, զորս կը կազմակերպէ ամէն տարի: Այսօր, Հայաստանէն Աւստրալիա, անցնելով ԱՄՆէն, Չինաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Պելճիքայէն՝ ունի աւելի քան 3000 անդամ:
Մօտ օրէն մասնաճիւղ մը պիտի բանայ Տուպայ: Այս ցանցը ուժ մը կը ներկայացնէ, զոր ընկերակցութիւնը կը դնէ ի սպաս Սփիւռքի հայկական ընկերութիւններու եւ Հայաստանի ոսկեգործութեան ոլորտին:
AJA-ի նոր նախագահն է Գագիկ Գէորգեան, որ ընտրուեցաւ շուրջ վեց ամիս առաջ: Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Յուել Շնորհօքեան ալ ընտրուեցաւ ընկերակցութեան քարտուղար:
Գագիկ Գէորգեան Ռուսաստանի մէջ՝ գոհարեղէններու արտադրութեան թիւ մէկն է: Այս ընտրութեամբ AJA նոր անկիւնադարձ ապրեցաւ, որ իրեն թոյլ պիտի տայ ամրապնդել իր կառոյցը եւ բարգաւաճիլ:
Իր նախաձեռնութեամբ է նաեւ որ լոյս տեսաւ ընկերակցութեան հանդէսին առաջին թիւը: AJA-ի նպատակն է օգնել փոքր արհեստաւորին, որ դեռ միջազգային գործառնութեան մակարդակի չէ հասած. միանալով ընկերակցութեան՝ ան կրնայ որոշ կարելիութիւններէ օգտուիլ եւ իր գործառնութիւնը զարգացնել: Մասնակցելով AJA-ի սալոններուն, ճաշերուն, կրնայ հետաքրքրական հանդիպումներ ունենալ տուեալ արհեստի մարդոց հետ: Գլխաւորաբար այս աշխատանքն է որ ընկերակցութիւնը կ՛ուզէ ծաւալել յառաջիկայ տարիներուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի, Հանրապետութեան նախագահին հետ անցեալ Օգոստոսին Ընկերակցութիւնը ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ ազատ գօտիի մը ստեղծումը՝ ամբողջութեամբ վերահսկուած AJA-ի կողմէ: Ասիկա հազարաւորներու գործ պիտի ապահովէ, ինչ որ քիչ բան չէ միջազգային տագնապի այս օրերուն:
Ոսկեգործութիւնը այլապէս կարեւոր բնագաւառ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար, մանաւանդ որ ան շատ հանգիստ ձեւով կրնայ շրջանցել թուրքեւազէրի շրջափակումը:
Գալով հայ ոսկեգործութեան իւրայատկութեան, կարելի է ըսել որ ան կը կայանայ սերունդներէ ժառանգուած անզուգական արհեստագործութեան մէջ: Հայերը բնատուր յատկութիւն ունին ոսկեգործութեան արհեստին համար, ինչ որ կը բացատրէ այս բնագաւառէն ներս անոնց համեմատաբար մեծ թիւը:
Այսպէս, մինչ հայերը աշխարհի բնակչութեան շուրջ 0,1 տոկոսը կը կազմեն, ոսկեգործութեան ոլորտին մէջ 6 էն 7 է անոնց տոկոսը: Մինչեւ Ցեղասպանութիւն, Օսմանեան կայսրութեան գրեթէ ամբողջ ոսկեգործութիւնը հայոց ձեռքն էր: Նոյնիսկ այսօր, Պոլսոյ ոսկեգործներուն 60 տոկոսը հայեր են: Գաղթերու ժամանակ հայերը իրենց հետ տարած են արհեստի իրենց գաղտնիքները: Անոնք Միջին Արեւելքի, Աւստրալիոյ, Ռուսաստանի, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի մէջ ոսկեգործութեան առաջնակարգ արտադրողներ դարձած են: Փարիզի ոսկեգործներու համբաւաւոր պողոտայ Ռիւ տը լա Փէի վրայ՝ Waskoll եւ Herzo վաճառատուները կը պատկանին հայերու:
Երկու խօսք ալ AJA-ի 2012ի ծրագիրներուն մասին:

Ընկերակցութեան ներկայի հեռանկարն է երիտասարդ հայերու արհեստագործութիւնը բարելաւել թեքնիք, գեղագիտական եւ վաճառքի մարզերուն մէջ: Ընկերակցութիւնը նաեւ հիմնադրամ մը ստեղծած է որ հինգ հոգիի կրթական թոշակ կ՛ապահովէ, Իտալիոյ մէջ տարի մը ուսանելու համար:
Ֆրանք Միւլլէր ընկերութիւնը արտադրած է հայկական Այբուբենով սահմանափակ քանակով ժամացոյցներ, որոնց վաճառքէն ձեռք ձգուելիք հասոյթը պիտի գանձէ վերոնշեալ հիմնադրամը: Ընկերակցութիւնը կը նախատեսէ նաեւ 2012ին հրատարակել հայկական ոսկեգործութեան պատմութեան նուիրուած հատոր մը: Իսկ յառաջիկայ Յունուարին, AJA-ի անդամները քով քովի պիտի գան յատուկ ժողովի մը առթիւ, որու օրակարգը նուիրուած պիտի ըլլայ շօշափելի լուծումներու որոնումին՝ տնտեսական ներկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»