– Ռուսական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան համար առաջադրած է իր ղեկավարին՝ Վլատիմիր Ժիրիովսքիի թեկնածութիւնը։
– Դեկտեմբեր 13ին, անյայտ անձեր կոտրած են Ռուսիոյ իշխող Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան Մոսկուայի գրասենեակներէն մէկուն ապակիները եւ պատերուն վրայ վիրաւորական արտայայտութիւններ գրած են։
– Աշխատելու անկարողութեան պատճառով, Միացեալ Նահանգներու Ընկերային ապահովութեան ծրագիրէն օժանդակութիւն ստացող ամերիկացիներուն թիւը 13.6 միլիոնի հասած է, ինչ որ 50 տոկոսի աճ մըն է 2001էն ի վեր, որուն հետեւանքով ծրագիրը կրնայ 2018էն սկսեալ նման վճարումներ չկատարել, եթէ բարեփոխումներ չկատարուին: