
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը պիտի քննէ ու քուէարկութեան դնէ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, սրիանիներու եւ այլոց, պատկանող եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ունեցուածքի վերադարձին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեան կրօնական ազատութիւններու ապահովման առնչուող թիւ 306 բանաձեւը:
Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած էր Յուլիս 20ին, 43 ի նպաստ ու միայն մէկ դէմ քուէներով:
Քոնկրեսին ներկայացուած այն բանաձեւին համահեղինակներն են՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամներ Էտ Ռոյս (Հ., Քալիֆորնիա) եւ Հաուըրտ Պըրմըն (Դ., Քալիֆորնիա):
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամեիկահայութեան, որ այս բնանաձեւին ի նպաստ քուէարկելու մղէ իրենց շրջանի քոնկերսականները: Հայ Դատի յանձնախումբը այս նպատակով պատրաստած է յատուկ նամակ մը, զոր կարելի է ղրկել ձեր շրջանի քոնկրեսականին: Նամակէն օրինակ մը յղելու համար, այցելել www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=51524506 կայքէջը:
Քննարկման հետեւելու համար, կարելի է այցելել Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի կայքէջը՝ www.facebook.com/ancagrassroots հասցէով: