
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան անդամ 27 պետութիւններէն 26ը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9ին համաձայնեցաւ եուրոյի գօտիի ելեւմտական ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակով ելեւմտական նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու առաջարկին շուրջ, որ համաեւրոպական մարմինի մը պիտի շնորհէ ազգային ամավարկերու վրայ հակակշիռ ունենալու, զանոնք հաւասարակշռուած պահելու եւ կարգապահական կանոնները խախտողները պատժելու իրաւունքը։ Երկար բանակցութիւններէ ետք, եուրօ գործածող երկիրներուն միացան նախ վեց այլ երկրիներ, որոնք կը յուսան միանալ եուրոյի գօտիին, իսկ աւելի ուշ անոնց միացան նաեւ Շուէտը, Հունգարիան եւ Չեխիան՝ մեկուսացնելով Բրիտանիան: Բրիտանիոյ ընդդիմութեան հետեւանքով, համաձայնագիրը պիտի չունենայ Եւրոմիութեան համաձայնագիրի բնոյթ, այլ պիտի ըլլայ միջկառավարական համաձայնագիր մը, որ նմանապէս պէտք է վաւերացուի 26 երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: