ՍՈՒՐ, Լիբանան, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9ին, հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի

խաղաղապահ ուժերու անդամ ֆրանսական զօրամասի մէկ փոխադրակառքը ահաբեկչական արարքի մը թիրախը դարձաւ: Սուրի մօտերը տեղի ունեցած պայթումին պատճառով վիրաւորուեցան հինգ զինուորներ եւ երկու քաղաքայիններ: Լիբանան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստօրէն դատապարտեց պայթումը: