ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թր-քական մամուլին համաձայն, Անգարա եւ Պոլիս կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ճնշում բանեցուցած է Թուրքիոյ ղեկավարութեան վրայ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով:
Թրքական աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելու հարցը, Պայտըն քննած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ խորհրդարանի խօսնակ Ճեմիլ Չիչեքի, ինչպէս նաեւ վիրահատութենէ ետք ապաքինող վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումներուն ընթացքին:
Թրքական մամուլը նաեւ յիշեցուցած է, թէ ծերակուտական եղած օրերուն, Պայտըն աջակցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ներկայացուած բանաձեւերուն: