Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Քրտինքը (sweat) կ՛արտադրուի ենթամորթին մէջ (dermis) քրտնաբեր գեղձերու (sweat glands) կողմէ եւ կ՛արտաթորուի (extret) մորթէն դուրս դէպի մորթին մակերեսը:
Քրտնաբեր գեղձերը կը ղեկավարուին ինգնագործ ջղային դրութեան կողմէ (autonomus nervous system): Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ կը պարունակէ որոշ քանակութեամբ աղ: Քրտինքի միջոցաւ մարմինի ջուրի կորուստը կը կոչուի «գիտակցական-զգալական կորուստ» (sensible loss): Այս գիտակցական կորուստէն անկախ, մարմինը շարունակ եւ անգիտակցաբար ջուր կը կորսնցնէ հիմնականօրէն մարմինի մակերեսէն՝ մորթէն մօտաւորապէս ժամական 50 մլ.: Այս կորուստը կը կոչուի «անգիտակացական-անզգալական կորուստ» (insensible loss):
Ուրեմն քրտինքը, ինչպէս որ ըսուեցաւ նախապէս, կ՛արտադրուի շարունակ որոշ քանակութեամբ մը: Սակայն մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ մարմնական ֆիզիքական աշխատանքով քրտինքի արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի եւ կրնայ մտահոգիչ դառնալ:

Մարմինի ջուրի կորուստը քրտինքի միջոցաւ կը նպաստէ մարմինի ջերմնականոնաւորման (heat regulation): Քրտինքով տեղի կ՛ունենայ մարմինի ջերմատուութիւնը (heat dissipation, loss), այլ խօսքով, ջերմի կորուստ, որ կ՛իրականանայ մորթի մակերեսէն քրտինքի շոգիացումով: Այլ խօսքով մարմինը կը զովանայ եւ մարմինի ջերմաստիճանը կը նուազի:
Քրտնաբեր գեղձերը ուղեղի հրամանով գործի կը լծուին եւ կը սկսին առատ քրտինք արտադրել երբ մարմինը ջերմատուութեան պահանջ ունենայ:
Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային ենթամորթին մէջ գտնուղ քրտնաբեր գեղձերը առատ քրտինք կ՛արտադրեն, արտաթոռուած քրտինքը մարմինի մակերեսէն կը շոգիանայ եւ տեղի կ՛ունենայ ջերմատուութիւն:
Պաղ եղանակներուն քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ՛արտադրեն եւ հետեւաբար մարմինի ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր:
Քրտինքի արտադրութեան քանակը կը տարուբերի զանազան պայմաննրու բերումով:
Հոս կ՛ուզեմ արձանագրել անապատի 100 ֆերընհայթ աստիճան տաքութեան ենթակայ ըլլալով եւ տարբեր պայմաններու բերումով քրտինքի արտադրութեան աստիճանական նուազումը՝ առաւելագոյնէն-նուազագոյնը.

1. Առաւելագոյն՝ Մերկ արեւու տակ քալել,
2. Հագուստով քալել արեւուն տակ եւ շալկելով 15 քկ. ծանրութիւն,
3. Հագուստով քալել արեւուն տակ,
4. Մերկ արեւուն տակ նստիլ,
5. Հագուստով արեւուն տակ գետինը պառկիլ,
6. Հագուստով քալել գիշեր ատեն,
7. Հագուստով նստիլ արեւուն տակ,
8. Հագուստով նստիլ շուքին,
9. Նուազագոյն՝ Հագուստով նստիլ գիշեր ատեն.
Քրտնաբեր գեղձերը երկու տեսակ են.
Ա. Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին ամբողջ մարմինի մակերեսին վրայ: Այս գեղձերը կը գործեն ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ կ՛արտադրեն քրտինք, որ ամբողջութեամբ կազմուած է անհոտ ջուրէ: Այս քրտնաբեր գեղձերն են, որոնք ունին շատ կարեւոր դերակատարութիւն մարմինի ջերմութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ, մանաւանդ՝ մթնոլորտային բարձր ջերմութեան մէջ եւ ծանր մարմնամարզանքի ըթացքին:
Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝
ա. Գերքրտնութիւն (hyperhydrosis).
Այս պարագան կը յատկանշուի բնականէն աւելի քրտինքի արտադրութեամբ: Գեր-քրտնութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝
1. Տեղայնական (localized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի մարմինի որոշ բաժիններուն վրայ, մասնաւորաբար՝ ափերուն, անութներուն (axilla) եւ ներբաններուն վրայ: Անիկա կը պատահի առաւելաբար՝ ճնշուածութենէ, յուզական եւ զգացական խանգարումներէ եւ վախէ տառապող անհատներու մօտ:
Շրթունքներու եւ բերանի շուրջը պատահած գերքրտնութիւնը կը կոչուի, քիմքային գերքրտնութիւն (gustatory hyperhydrosis): Անիկա կը պատահի համեմներով հարուստ եւ տաք կերակուրներ ուտելու ընթացքին:
2. Համայնական (generalized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի ամբողջ մարմինին վրայ եւ կը պատահի առանց գերաշխատանքի եւ մարմնամարզանքի:
Անոր բուն ախտապատճառը տակաւին յստակ չէ: Սակայն հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները նկատուած են որպէս հաւանական ախտապատճառներ՝

Խլիրդ, մարմնական բորբոքումներ, գերվահանագեղձութիւն, շաքարի նուազում, մակուղեղի (pituitary gland) գերաշխատանք, յղութիւն, դաշտանադադար, աւշագեղձերու ուռ (lymphoma), սպիտակարիւնութիւն (leukemia), սիրտի ներքին պատեանի բորբոքում (endocarditis) եւ կարգ մը դեղեր:
Համայնական գերքրտնութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Հիմնական հիւանդութեան դարմանում, ախտաճանուչումը տեղի ունենալէն ետք,
2. Քրտնաբեր գեղձերու վիրահատում,
3. Կիրարկել կողմնակի եւ երկրորդական դարմանամիջոցներ՝ յաճախակի պաղ ջուրով լոգանք, յատուկ օծանելիներու գործածութիւն, տաք միջավայրէ հեռու մնալ, զովացուցիչ կազմածներու գործածութիւն:
բ. Սակաւաքրտնութիւն (hypo-hydrosis).
Այս պարագային քրտնաբեր գեղձերը բնականէն պակաս քրտինք կ՝արտադրեն: Այս երեւոյթը ընդհանրապէս տեղայնական է, այսինքն ան մարմինի մէկ բաժինին մէջ կը պատահի: Սակաւաքրտնութեան դրդապատճառներն են՝
1. Տեղայնական մորթի վնաս-հարուած (trauma).
2. Շողարձակում,
3. Գեղձերու հիւծում (atrophy), որ կը պատահի մորթային կարգ մը հիւանդութիւներու պարագային՝ պնդամորթութիւն (scleroderma),
4. Որոշ դեղերու գործածութիւն,
5. Շաքարախտաւորներու մօտ ջղախտութեան (neuropathy) զարգացումով:
գ. Քրտնախաշ (miliaria).
Քրտնախաշի պարագային քր-տինք կ՝արտադրուի, բայց քրտինքի հոսքը դէպի մարմինի մակերեսը տեղի չ՛ունենար քրտնաբեր գեղձերու խողովակներուն խցումով եւ ան կը մնայ մորթին մէջ: Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի մորթայն փշտիկներու յայտնաբերումով, որ կը յառաջանայ առաւելաբար տաք եւ խոնաւ միջավայրի մէջ ապրելով եւ կամ հաստ հագուստներ հագնելով:
Քրտնախաշի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Հեռու մնալ տաք միջավայրերէ,
2. Զով պահել մորթը, զովացուցիչ կազմածներ գործածել,
3. Յաճախակի լոգանք՝ պաղ ջուրով,
4. Լոգանքէն ետք լաւ չորցնել մարմինը,
5. Արգելք հանդիսանալ աւելորդ քրտինք ունենալուն:
Բ. Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին մարմինի որոշ վայրերու մէջ միայն: Այս վայրերն են՝ անութները, կրծքապտուկներու շրջապատը (areola), սեռային արտաքին օրկանները եւ ականջացնցուղները: Քրտնաբեր գեղձերը այս վայրերուն մէջ կ՛աշխուժանան եւ կը սկսին գործելու արբունքի շրջանին ու կ՛արտադրեն իւղոտ, կպչուն, թանձր եւ բուրող քրտինք: Կը կարծուի որ այս հեղուկին հոտը սեռային գրգռութիւն կը յառաջացնէ:
Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի երկու հիւանդագին երեւոյթներով՝
ա. Bromhidrosis կոչուած հիւանդութեամբ.
Այս հիւանդութեան պարագային ենթական կ՛ունենայ անբնական մորթի հոտ որ հետեւանքն է քրտնաբեր գեղձերու արտադրութեան կազմալուծումին եւ բորբոքումին կարգ մը ցպիկներու ներկայութեամբ:
բ. Hidradenitis կոչուած հիւանդութեամբ:
Ան քրտնաբեր գեղձերու թարախոտ եւ երկարատեւ բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի ցաւով, անյաճոյ հոտով եւ մորթի մակերեսին վրայ յայտնուած թարախոտ եւ ուռած փշտիկներով:
Այս երկու հիւանդութիւնները կը դարմանուին հակամանրէական դեղերով: