ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Երէկ խմբագրատան հիւրերն էին Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանի վարդապետներ Սարգիս վրդ. Էրմեն ու Յակոբոս վրդ. Չօփուրեան, որոնք եկած էին բարի լուրով մը։ Արդաչարեւ, արդէն հրապարակ կը հանուէր Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մէջ հաստատման 200ամեակին առթիւ պատրաստուած ձայնապնակ մը, որ եզակի էր իր տեսակին մէջ։ Ձայնապնակը նուիրուած էր փունջ մը հոգեւոր երգերու, որոնք սակայն գլխաւոր մասերն էին ընդհանրապէս հանրութեան քիչ ծանօթ երկու պատարագներու՝ Այտընեան պատարագ եւ Սրապեան պատարագ»։
Նախքան վերոյիշեալ երկու պատարագներէն քաղուած բաժինները, ձայնապնակին մէջ տեղ գտած է Սինանեանի «Մխիթար քայլերգ»ը, որ յօրինուած է Հմայեակ Ծ. վրդ. Համբարեանի բանաստեղծութեան վրայ։
«Յօրինումներն ու նուագախմբային կատարումները ուղղակի օժտուած են արեւմտեան դասական երաժշտութեան շունչով։ Նուագախումբի ընկերակցութեամբ երգչախումբը, իր մեներգիչներով, կը ստեղծէ լուրջ երաժշտութեան մթնոլորտ մը, զոր յաջողապէս իրականացուցած է յայտնի դաշնակահար ու երաժիշտ Լեւոն Էրոյեանը, որ ոչ միայն երաժշտական ղեկավար է, այլեւ՝ երաժշտական իր լայն փորձառութիւնը այս ձայնապնակին պատրաստութեան ի սպաս դրած մասնագէտ մը։ Իսկ երգչախումբին վարիչն է Գարեգին Պարսամեան», կը յայտնէ «Մարմարա»։
Ձայնապնակը ծախու չէ, սակայն նուիրատուութիւններ ընելը կարելի է։ Փափաքողները ձայնապնակէն օրինակ մը պիտի կարենան ապահովել 1 Դեկտեմբերէն սկսեալ, դիմելով Վիեննայի Մխիթարեան վանատան քարտուղարութեան։