ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հակօդային ուժերու հրամանատար Էմիր Ալի Հաճիզատէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին յայտարարեց, որ Իրան Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕի հակահրթիռային համակարգի տարրերը պիտի հարուածէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ կամ Իսրայէլ իսլամական հանրապետութեան դէմ յարձակում գործեն։ «Եթէ սպառնալիքի ենթարկուինք, Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕի հակահրթիռային վահանը պիտի հարուածենք, ապա մնացեալ թիրախները հարուածենք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Հիմնուելով գերագոյն հրամանատարին հրամաններուն վրայ՝ մենք սպառնալիքներուն սպառնալիքներով պիտի պատասխանենք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.