ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պետ Սելահետտին Տեմիրթաշ, Կիրակի, Նոյեմբեր 27ին, Վանի մէջ անգամ մը եւս շատ խիստ ելոյթ մը ունեցաւ կառավարութեան հասցէին եւ վստահեցուց, թէ քիւրտ ժողովուրդը երբեք գլուխ պիտի չհակէ անոր ճնշումներուն դիմաց։
Տեմիրթաշ նախ պնդեց, որ կառավարութիւնը երկու չափ, երկու կշիռ կը գործածէ քաղաքապետութիւններու նկատմամբ, եւ աւելցուց, որ հակառակ Վանի երկրաշարժին, կառավարութիւնը յատկացումներու լուրջ կրճատումներ ըրաւ։ Ան նաեւ քննադատեց քրտամէտ գործիչներու ձերբակալութիւնները, եւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը այդ միջոցաւ կը փորձէ քիւրտ ժողովուրդը տկարացնել: «Նոյնիսկ եթէ մեզ կախաղան հանեն, մենք «ազատութիւն» պիտի պոռանք», ըսաւ Տեմիրթաշ։ Կուսակցութեան անդամները նաեւ քայլարշաւ մը ըրին՝ Ապտուլլահ Օչալանի ու ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ կոչեր կատարելով։