ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ, մեկնած է Արժանթինի մայրաքաղաք, ուր կը նախատեսուին անոր հանդիպումները մեծահարուստ բարերարներու հետ, Ղարաբաղի մէջ տնտեսական, հասարակական եւ կրթական ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:
Նոյեմբեր 29ին, ԼՂՀ նախագահը կը հանդիպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Տակաւին յստակ չէ, թէ Բակօ Սահակեան պիտի հանդիպի՞ արդեօք արժանթինցի օրէնսդիրներու հետ։
Նշենք, որ Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը շուրջ տասը օր առաջ մտահոգութիւն յայտնած էր ԼՂՀ նախագահի նախատեսուող այցին առնչութեամբ՝ Բակօ Սահակեանը անուանելով «անջատողականներու առաջնորդ», եւ արժանթինցի օրէնսդիրներուն խնդրած էր չհանդիպիլ անոր հետ: