ԹԵՀՐԱՆ.- Հայ Ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Ուրարտու» երգչախումբը՝ Թենի Յակոբեանի ղեկավարութեամբ եւ Ալվին Յովհաննիսեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, նաեւ միութեան «Կարապ» պարախումբը՝ ղեկավարութեամբ Արտեոմ Նալբանդեանի, Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան հրաւէրով ելոյթ ունեցաւ Թաւրիզի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը ժողովրուդի բուռն ընդառաջումով տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 3ին՝ «Ուրարտու» երգչախումբի 12 երգերով, մեներգով ու զուգերգներով:
Ելոյթի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ «Չարմահալ» միութեան նախագահ Արշաւիր Քեշիշեան, որ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց միութեան երգչախումբի եւ պարախումբի ու անոնց անցեալի եւ ներկայի ղեկավարներուն մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Իսկ «Արարատ» կազմակերպութեան Ուրմիոյ մասնաճիւղի հրաւէրով «Չհարմահալ» միութեան խումբերը Նոյեմբեր 4ին մեկնեցան Ուրմիա, ուր դարձեալ ջերմ ընդունելութեան արժանացան:
Միջոցառման աւարտին այստեղ եւս խումբերը գնահատուեցան ծաղկեկողովով: æերմ ծափահարութիւններով բեմ հրաւիրուեցաւ միութեան նախագահը, որ իր խօսքին մէջ ակնարկ ունեցաւ միութեան երգչախումբի եւ պարախումբի մասին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատուներուն եւ յատկապէս ընդհանուր պատասխանատու Շաղիկ æորջեանին:
Ձեռնարկի աւարտին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեան գնահատանքի եւ խրախուսանքի խօսք ուղղեց երգչախումբին ու պարախումբին, ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին եղաւ ուրախ ժամանց: